2012-04-24 14:01:22

Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստը Անհերքելի : ՀՀ Նախագահի Ուղերձը՝ Նուիրուած Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին.


Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու Յիշատակի Օրուան՝ Իր Ուղերձը յղեց՝ դատապարտելով Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան իրագործումը ու նշեց , որ Հայերը չեն մոռցած եւ չեն մոռնար այդ:
Այսօր 24 ԱՊՐԻԼ վաղ առաւօտէն սկսեալ հայորդիները կ’այցելեն ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ` յարգանքի տուրք մատուցելու 1915-ի երիտթուրքերու կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Երիտթրքական կառավարութիւնը, ջանալով պահպանել տկարացած Օսմանեան կայսրութեան մնացորդները, որդեգրեց պանթուրքիզմի քաղաքականութիւնը, այն է, հսկայածաւալ Թրքական կայսրութեան ստեղծում, որ, տարածուելով մինչեւ Չինաստան, իր մէջ կը ներառէր Կովկասի, Միջին Ասիոյ բոլոր թրքալեզու ժողովուրդները : Ծրագիրը կը նախատեսէր բոլոր ազգային փոքրամասնութիւններու թրքացում:
Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ հայ ժողովուրդը կը դիտուէր իբրեւ գլխաւոր խոչընդոտ այս ծրագրի իրականացման ճանապարհին:
Թէեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրուած էր դեռ 1911-1912-ին, սկայն երիտթուրքերը իբրեւ յարմար առիթ օգտագործեցին Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբը` զայն կատարելագործելու համար:
1915 եւ յաջորդ տարիներու իրադարձութիւնները միանշանակ կ’որակեն իբրեւ Ցեղասպանութիւն: Անիկա Ցեղասպանութիւն է, քանի որ պետական մակարդակով ծրագրուած էր ողջ Ազգի` Բնիկ Հայ Ժողովուրդի բնաջնջում, ֆիզիքական ոչնչացում: Այդ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնն էր, աննախադէպ իրադարձութիւն, որ տեղի ունեցաւ հայերու ոջնղացումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.