2012-04-24 14:01:41

Ապրիլեան Նահատակներու Նուիրուած Ոգեկոչում։


Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մեծ Եղեռնի Յուշակոթողին Շուրջ։ Նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին երէկ` երկուշաբթի, 23 ապրիլի երեկոյեան , Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Մեծ եղեռնի յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը հայերէնով արտասանեց Սարմէ Մինասեան, իսկ արաբերէնով` Թամար Գասապեան: Անոնք յայտնեցին, որ 97 տարիներ ետք, մենք տակաւին կը շարունակենք մեր երթն ու պահանջատիրութիւնը, եւ այդ հսկումը նուիրեցին 97 տարիներ առաջ իրենց կեանքը զոհած բիւրաւոր նահատակներուն, որպէսզի մենք ապրինք իրենց ժառանգած իմաստութեամբ:
Օրուան խօսքը արտասանեց Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամ Ռաֆայէլ Ումուտեան, որ ըսաւ ժողովուրդներ իրենց պատմութեան կարեւոր թուականները կը յիշատակեն մեծ շուքով` նոր տեսլականներով դիմաւորելու կեանքի մարտահրաւէրները: Ան այս տարուան կարեւոր դէպքերէն նկատեց վատիկանի արխիւներու բացումը: Թրքական կառավարութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական ճնշումներ կը բանեցնէ անհատներու եւ իշխանութիւններու վրայ, որովհետեւ գիտէ, որ այդ արխիւներուն մէջ կան իրականութիւններ, որոնք կրնան բացայայտել Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը: Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ մեր դատը միայն մենք կրնանք պաշտպանել, եւ կոչ ուղղեց բարեսիրական հաստատութիւններուն, որ նիւթական նպաստներ յատկացնեն ուսանողներու, որոնք իրենց կարգին պատմաբաններ եւ դիւանագէտներ դառնալով պաշտպանեն մեր իրաւունքները: «Մեր ուժը միութեան մէջ է», ըսաւ Ումուտեան:
«Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, մեկնաբանեց փունջ մը հայրենասիրական երգեր, ապա խօսք առաւ Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, որ նշեց թէ՝ նահատակ բառը նուիրական է եւ աւելցուց «մենք չենք ուրանար մեր հաւատքը, հայ է մեր անունը եւ Քրիստոս է մեր հաւատքը. մեր նահատակները քալեցին դէպի մահը` մեր կամքն ու Քրիստոսի հաւատքը իրենց սրտերուն մէջ» ան նաեւ շեշտը դրաւ Թուրքիոյ կողմէ կիրարկուած ժխտումի քաղաքականութեան, իսկ հայերը դէմ կը դնեն յիշողութեամբ ու գոյատեւումով:
Քանոնի վրայ Իման Հոմսի նուագեց «Երազ Արաքս գետի ափին» ստեղծագործութիւնը, որ յօրինած էր ու մշակած քանոնի համար եւ նուիրած հայ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ արաբերէնով խօսք առաւ Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան: Ան նահատակներուն անունով հսկումին իւրաքանչիւր ներկայի շնորհակալութիւն յայտնեց եւ Քրիստոսի յարութեան եւ Եղեռնէն հայ ժողովուրդի վերապրումին միջեւ զուգահեռներ գծեց:
«Կռունկ» երգչախումբը եւս այս առիթով մեկնաբանց փունջ մը երգեր, ապա հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ֆրանսերէնով ներկայացուց վկայութիւններ` քաղուած վատիկանեան վաւերաթուղթերէն Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Հայր Մաշտոց վրդ. ահթերեան իր կարգին ոգեկոչեց հայուն կամքն ու գոյատեւելու պայքարը` շեշտելով, որ 97 տարիներ ետք հայուն պահանջատիրութիւնը կը շարունակուի, մինչեւ հասնի իր նպատակին: Հսկումի արարողութիւնը փակուեցաւ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքի օրհնութեան աղօթքով:
Երեքշաբթի՝ 24 Ապրիլին Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքի մատուցած Ս Պատարագէն եւ Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք Օրուան պատգամը փոխանցեց գերապատիւ Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան,Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ (Ժէիթաուի)։








All the contents on this site are copyrighted ©.