2012-04-24 14:09:48

Ապրիլեան Նահատակներու Նուիրուած Ոգեկոչում Պէյրութի, Փարիզի Ու Հռոմի Մէջ։


Զալքայի Մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան եւ սկաուտախումբին, եւ մասնակցութեամբ՝ ՀԿՄի պատանիներուն եւ հաւատացեալներուն, Շաբաթ, 20 Ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոն որ սկիզբ առաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագով զոր մատոյց եւ պատգամ ուղղեց ժողովրապետը գերապատիւ Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեան.ապա ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ գաւիթը ուր մէկ տարի առաջ Թերզեան ընտանիքը նուիրած էր Խաչքար մը նուիրուած Մեծ Եղեռնի զոհերուն ի յիշատակ նաեւ իրենց հանգուցեալ հօր Լեւոն Թերզեանին։ Խաչքարին առջեւ հաւատացեալները ՜՜Տէր Ողորմեան՝՝ երգեցին, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը։ իսկ կիրակի 22 ապրիլի առաւօտեան, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեամբ՝ Գերպատիւ՝` Հայր Սեպուհ Վրդ Կարապետեան (փոխ ժողովրդապետը Պուրճ Համուտի՝ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ) հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց։ Աւարտին Տէր Զօրէն բերուած մեր նահատակներու աւազախառն աճիւններու մասնատուփը շքեղ թափօրով զետեղուեցաւ Երանելի Նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի խորանին վրայ, որպէսզի առ յաւէտ մեծ եղեռնի նահատակներուն յիշատակը անթառամ մնայ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ։ Աւարտին Հայր Նարեկ կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօնը որմէ ետք Ս. Խաչ երգչախումբը երգեց Կիլիկիոյ քայլերգը ՜՜ Երբ որ բացուին դռներ յուսոյ՝՝ն։
Ուրբաթ 20 Ապրիլին, կազմակերպութեամբ՝ Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի աշակերտական ոգեկոչում, Ծիծեռնակաբերդի յուշակոթողի մանրակերտի բացում եւ աշակերտական գեղանկարներու ցուցահանդէս, ներկայութեամբ՝ եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, կրթական պատասխանատուններու, միութիւններու ներկայացուցիչներո,շ ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու։ Գեղարուեստական յայտագիրը կը բովանդակէր երգ. նուագ ու ասմունք։ Խօսք առին Մեսրոպեանի աշակերտներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի տնօրէնը՝ Կրեկուար Գալուստ եւ ձեռնարկը փակուեցաւ արհի. Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեանի պատգամով եւ «Պահպանիչ»ով։ Այս գծով Եպիսկոպոսը յայտնեց՝ թէ ՜՜հայութիւնը պէտք է տէր կանգնի իր արմատներուն եւ ժառանգութեան ու հաւաքաբար պահանջէ իր իրաւունքները՝՝ Հանդիսութեան զուգահեռ, վարժարանի շրջափակին մէջ ցուցադրուած էին Հայոց ցեղասպանութեան լուսանկարներ, մինչ վարժարանի մանկապարտէզի բակին մէջ տեղադրուած էին վարժարանի աշակերտներու գեղանկարները՝ նուիրուած հայ ժողովուրդի վերածնունդին։
Փարիզ- Կիրակի 22 ապրիլը Փարիզի հայութեան համար պատմական օր մըն էր, որովհետեւ հայութիւնը ոգեկոչեց Նոթր Տամ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ իր մէկ ու կէս միլիոն նահատակները:
Եկեղեցին հոծ բազմութեամբ լեցուն էր. հրաւիրուած էին ֆրանսայի հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ՝ Նորվան սրբազան Զաքարեանը, վերապատուելի Ժօէլ Միքայէլեանը, մեծայարգ Պր. Փաթրիք Տեւեճեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ մեծայարգ Պր. Վիգէն Չիթեչեան եւ Ղարաբաղի ներկայացուցիչ՝ մեծայարգ Պր. Օհաննէս Գէորգեան:
Օրուան պատարագիչն էր ֆրանսայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. Գրիգոր եպ. Ղապրոյեան: Ան իր բացման խօսքը սկսաւ հետեւեալ նախադասութեամբ «Մահը ձեր կեանքը մեր. կեանքը մեր փառքը ձեր»: Մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու ոգեկոչումը 97-րդ տարին թեւակոխեց եւ ամէն տարի սուրբ պատարագով, ոգեկոչումով մեր ուխտը կը նորոգենք պահանջելով արդար հատուցում հայոց նահատակներուն: Օրուան քարոզիչը՝ Գերապայծառ Էրիք Մուլէն Պօֆոր իր ոգելից պատգամով ոգեկոչեց հայոց Նահատակներուն ոգեկոչումը, դրուատեց Հայոց անցեալն ու ներկան: Ան ըսաւ. «Ձեր հայրերն ու մայրերը, ձեր ազգականները Ճամբան առին նահատակութեան, ընդունելով եւ խոստովանելով Քրիստոսի սէրն ու խաչելութիւնը. անոնք ամէն ինչ ձգեցին հետեւելու զոհողութեամբ Յիսուսի ճամբան եւ այսօր իրենք երկիքի մէջ յարուցեալ Քրիստոսի հետ կը տօնեն յաղթանակը հայ ժողովուրդի: Կառչած մնացէ'ք Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ»:
Հռոմ- Հռոմահայութիւնը եւս իր յարգանքի տուրքը մատոյց Ապրիլեան Նահատակներուն։ Կիրակի 22 Ապրիլի Երեկոյեան ՜՜Կուրճիէֆ՝՝ ի անուան հայկական ժողովրդական գործիքային նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Հռոմի Ս Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ։ Ձեռնարկը կազմակերպած էին, Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը, մասնակցութեամբ՝ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յանձնախումբին ու հայ մշակոյթի ու վաւերագրումի կեդրոնին, հովանաւորութեամբ՝ Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութեան։ ՜՜Կուրճիէֆ՝՝ համոյթի նուագողները իրենց հայկական/արեւելեան ժողովրդական նուագի գործիքներով՝ Դուդուկ, Բլուլ, Քամանչա, Ուդ, Քանոն, Թառ-սազ,Թափ ու դոհլի վրայ ներկաներուն հրամցուցին հայկական ժողովրդական կտորներ ու սրբազան երգեցողութիւն, որոնց նուագաւորումը կատարած է Լիբանահայ արուեստագէտ Լեւոն Էսքենեան, որ այժմ կ՝ապրի ու կը ստեղծագործէ Հայաստանի մէջ, ու իր խումբին՝ ՜Տը Կուրճիէֆ՝՝ խումբին հետ կը շրջագայի ամէն տեղ ելոյթներ ունենալով ամենուրէք։ Ս.Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուն էր հայ եւ յատկապէս իտալացի արուեստասէրներով։ Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի անձնակազմէն Տիկին Նուարդ Գրիրորեան-Մերքատենթի ներկայացնելով արուեստագէտները որոնք մեծ բծախնդրութեամբ պատրաստած էին յայտագիրը եւ որ տեւեց մէկ ու կէս ժամէ աւելի, արժանանալով ներկաներու մեծ գնահատանքին ու ծափահարութիւններուն։ Աւարտին խօսք առաւ Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւորը գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ Վրդ. Նորատունկեան, որ նուագախումբին գործը գնահատելէ ետք ու յիշելէ ետք թէ՝ հանդիպումին առիթը Մեծ Եղեռնի յիշատակումն էր, սակայն հայ ժողովուրդը կ՝ապրի ու կը գոյատեւէ։ Եթէ հարց տանք թէ ինչու հոս ենք այո նշելու հայոց դէմ կատարուած ջարդը սակայն նշելու որ հայ ժողովուրդը միշտ ողջ է, կը ստեղծագործէ, կ՝ապրի երգով ու արուեստով, նաեւ ցոյց տալով թէ կարող է միշտ ըլլալ ուր որ ալ գտնուի մասնակից ամէն մարզի մէջ։ Մենք հայրերս որպէս քրիստոնեայ կը հաւատանք ՜՜Յարութեան՝՝ իրականութեան, եւ հայերը որոնք զոհուեցան կ՝ապրին արդէն ՜՜Քրիստոսի հետ Յարութեան երջանկութիւնը՝՝։
Երեքշաբթի 24 Ապրիլին (այսօր) Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչման արարողութիւնը սկիզբ առաւ ժամը 18-ին, Ս. Նիկողայոսի անուան եկեղեցւոյ մէջ, Օրուան պատգամը փոխանցեց Լեւոնեան դպրեվանքի տեսուչը՝ գերապատիւ Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ, խօսք առին նաեւ համայնքի անդամներ, գեղարուեստական յայտագիրը հրամցուցին Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորները, հայկական երգերով նուիրուած՝ Եղեռնի նահատակաց. իսկ հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ ու Ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ ՜՜1915-ի Ապրիլեան Նահատակաց նուիրուած՝ Խաչքարին՝՝ առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.