2012-04-23 13:34:35

Նախագահական Ընտրութիւնները ֆրանսայի Մէջ։
Սուրիա։ Քոֆֆի Աննան Կ՝ողջունէ 300 Միջազգային Դէտերու Սուրիոյ Ուղղարկումի ՄԱԿ-ի որոշումը։


Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն, ձայներու 99.9%-ի հաշուարկին իբրեւ արդիւնք, Ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Օլլանտ աւելի քան 1.5% կէտով կը գերազանցէ գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզին : Օլլանտ հաւաքած է ձայներու 28.63%–ը, իսկ Սարքոզի` 27.08%: Այսպիսով, Օլլանտ եւ Սարքոզի վերջնական յաղթանակի համար պիտի պայքարին երկրորդ փուլին, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 6-ին, այսինքն Հայաստանի Խորհրդարանական ընտրութիւններուն օրը:
Երրորդ տեղը գրաւած է «Ազգային ճակատ»ի առաջնորդ Մարի Լէ Բեն` հաւաքելով ձայներու 18.05%–ը, այդ կերպ գերազանցելով իր հօր` Ժան–Մարի Լէ Բենի ցուցանիշը, որ 2002-ի նախագահական ընտրութիւններու առաջին փուլին հաւաքած էր քուէներու 16.86% տոկոսը:
Ի դէպ, վերջին անգամ Ընկերվարականները Ֆրանսայի բարձրագոյն պաշտօնի համար պայքարին մէջ յաջողութեան հասած էին 1988-ին, երբ Ֆրանսուա Միթերան երկրորդ անգամ առաջադրուելով յաղթանակ կը տանէր Ժաք Շիրաքի նկատմամբ:
Անցնինք ՍՈՒՐԻԱ։
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննան սուրիական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց ծանր զէնքեր չօգտագործելու եւ զանոնք քաղաքներէն հեռացնելու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ծրագիրին հիմամբ ուժերը քաղաքներէն հեռացնելու։
Աննան միաժամանակ ողջունեց 300 Միջազգային Դէտեր Սուրիոյ մէջ տեղակայելու ՄԱԿ-ի որոշումը եւ զայն կարեւոր քայլ մը նկատեց` յոյս յայտնելով, որ դէտերը Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթի մը ճամբան հարթեն:
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղեց արագ կերպով դէտերու տեղակայման պայմաններ ստեղծելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.