Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Տեղեկացնող Ցուցապաստառ՝ Նովոռոսիյսկ - Սոչի Դաշնային Մայրուղիին
Վրայ ։
Ռուսաստանի դաշնային նշանակութեան Ì4 Նովոռոսիյսկ-Սոչի մայրուղիին վրայ, Գրասնոտարի երկրամասի,
Դուաբսէի շրջանի, Նովոմիխայլովսկի գիւղին մօտ տեղադրուած է ցուցապաստառ, որ կը տեղեկացնէ
1915-22 Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Այս մասին կը հաղորդէ
«Երկրամաս» Պարբերականը:
«Երկրամաս»ը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ցուցապաստառները նախապատրաստուած
էին Հայկական համակարգող խորհուրդին որոշմամբ: Անոնք 3õ6 մ չափի պաստառներ են, որոնց
վրայ ներկայացուած է ներկայիս Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի տեսարանները
եւ ՌԴ նախագահ Վ. Փութինի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան լուսանկարներ:
Նաեւ ցուցապաստառներուն վրայ տեղակայուած է ՌԴ նախագահին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան
թանգարան - ուսումնարանի յիշատակի գիրքին մէջ կատարուած արձանագրութիւնը. «Ռուսաստանը
Հայ ժողովուրդին ցաւն ու ողբերգութիւնը մշտապէս ընկալած է իբրեւ սեփական: Արդ ցած խոնարհեցնենք
մեր գլուխները Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Առջեւ»: «Երկրամաս» Պարբերականը
նախապէս եւս ներկայացուցած է նմանատիպ պաստառներու տեղադրման մասին, որոնք դրուած են
Սոչի քաղաքի շարք մը շէնքերու վրայ, ինչպէս նաեւ մեծ պաստառ, Սոչի քաղաքի Լազարեւեան
շրջանի կեդրոնական հրապարակին վրայ: