2012-04-23 12:15:45

«Ընկերային Հաղորդամիջոցներու դերը ի սպաս
աւետարանումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան Միջին Արեւելքի մէջ»
ՍԵՄԻՆԱՐԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ


ՍԵՄԻՆԱՐԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պեթանիա - Հարիսա (Լիբանան), 17-էն 20 Ապրիլ 2012

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդը եւ Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդը «Ընկերային Հաղորդամիջոցներու դերը ի սպաս աւետարանումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան Միջին Արեւելքի մէջ»
տիտղոսով սեմինար մը գումարեցին Պեթանիայի մէջ (Հարիսա - Լիբանան), 17-էն 20 Ապրիլ 2012:

Սեմինարին մասնակցեցան 45 պատրիարքներ եւ եպիսկոպոսներ, որոնք ժամանած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Իրաքէն, Յորդանանէն, Սուրբ Հողերէն, Կիպրոսէն, Հայաստանէն եւ Վատիկանէն: Անոնց հետ մասնակցեցան նաեւ քահանաներ, կրօնաւորներ, կրօնաւորուհիներ եւ հաղորդամիջոցներու մարզէն ներս գործող աշխարհական մասնագէտներ:

Այս սեմինարը շարունակութիւնը հանդիսացաւ Միջին Արեւելքի համար 2010-ի Հոկտեմբերին ընթացքին Հռոմի մէջ գումարուած յատուկ Սիւնհոդոսին եւ նախապատրաստութիւնը սրբազան քահանայապետին յառաջիկայ Սեպտեմբերին Լիբանան կատարելիք առաքելական այցելութեան, որուն ընթացքին ան Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն պիտի յանձնէ վերոյիշեալ սիւնհոդոսին Առաքելական Յորդորը: Սեմինարը միաժամանակ հանդիսացաւ նախապատրաստութիւնը Հաւատքի Տարուան, զոր Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց այս տարուան համար, ինչպէս նաեւ նշուեցաւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովին աշխատանքներուն բացման յիսուներորդ տարեդարձը:

Սեմինարին բացումը կատարեց Պշարա Ալրաի Պատրիարրքը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ յատկապէս. «Արաբական Արեւելքի Եկեղեցիներու հովիւները կ'ապրին մարտահրաւէրները յեղափոխութիններուն, ըմբոստութիւններուն եւ ցոյցերուն, որոնց մէջ մեծ դեր կատարած են ընկերային հաղորդամիջոցները: Հովիւներէն կը խնդրուի մղել քրիստոնեայ քաղաքացիները շարունակելու իրենց պատմական դերը իրենց երկիրներուն մէջ, եւ որպէս քաղաքացիներ ապրելու արժէքները եւ մերժելու բռնութիւնը, եւ վերջապէս, հրաւիրելու քրիստոնեաները երխօսութեան, փոխադարձ հասկացողութեան եւ որոնելու առողջ լուծումներ, որոնք կը պաշտպանեն բոլորին իրաւունքները»:
Պատրիարքը հաստատեց նաեւ, որ «այս արդի հաղորդակցութեան միջոցները Աստուծմէ տրուած պարգեւներ են՝ բոլոր մարդոց համար, եղբայրական կապերու ծիրէն ներս, պարգեւներ՝ որոնք մարդիկը կը դարձնեն Աստուծոյ գործակիցները, անոր փրկչական ծրագիրներուն մէջ»:
Սեմինարին աւարտին մասնակցողները յանգեցան հետեւեալ առաջարկներուն:

Ա)
Եկեղեցին կը գիտակցի ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու արձանագրած հիանալի յառաջդիմութեան կարեւորութեան: Անոնք տեղեկատուութեան յեղափոխութիւն եւ նոր մշակոյթ ստեղծեցին: Եկեղեցին հրաւիրուած է աւետարանացման ընթացքին հետ միատեղ գտնուիլ հոն ուր են այս հաղորդամիջոցները:

Բ)
Եկեղեցին կ'ուզէ մուտք գործել այս թուային մշակոյթին մէջ, որով պիտի շարունակէ իր ծիրէն ներս պաշտպանել ճշմարտութիւնը, մարդուն ազատութիւնը եւ Արարիչէն տրուած արժանապատուութիւնը: Եւ որովհետեւ Եկեղեցին պատասխանատու է Աւետիսին հռչակման, ան կ'ուզէ յայտարարել զայն ի ժամու եւ ի տարաժամու: Եկեղեցին թերացած պիտի ըլլայ եթէ չօգտագործէ նոր գիւտերը ի նպաստ քարոզութեան:

Գ)
Հաղորդամիջոցները բերրի հողեր են քոյր Եկեղեցիներուն հետ հաղորդակցութեան համար, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու եւ ճշմարտութիւնը փնտռողներու հետ՝ երկխօսութեան համար: Պայման է սակայն, որ այս երկխօսութիւնը ըլլայ անկեղծ, եւ հոն ուրիշը յարգանքով ունկնդրուի եւ փորձ կատարուի հասկնալու անոր հաւատալիքներուն ճշմարտութիւնը:

Դ)
Եկեղեցին իր զաւակները կը հրաւիրէ, որ գերազանցեն հաղորդամիջոցներու գործածութեան իրականութիւնը, եւ սատարեն ու մասնակցին անոնց յառաջդիմութեան: Ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներով Աւետարանին պատգամը փոխանցեն ճշմարտութեան, երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան ծառաւի այսօրուան աշխարհին:

Ե)
Մասնակցողները կը հրաւիրեն տեղեկատուական եւ թուային մշակոյթի ինչպէս նաեւ համացանցի բարոյականութեան շուրջ յայտագիրներ եւ ծրագիրներ ներմուծել նորընծայարաններուն, ինչպէս նաեւ աստուածաբանական հաստատութիւններուն, համալսարաններուն եւ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ:

Զ)
Ամէն թեմ պարտի օգտագործել հին եւ նոր հաղորդամիջոցները, հաստատել կայքէջ մը հովուական դրոշմով, հաղորդակցութիւն ստեղծելու համար հաւատացեալներու միջեւ, ինչպէս նաեւ զանազան կաթողիկէ թեմերու միջեւ, համագործակցութեան հասնելով հաղորդամիջոցներու այլազան մարզերէն ներս, հոն ուր կարիքը կայ: Կը խնդրուի թեմերէն բարձրանալ որակի լաւագոյն ոլորտները, որպէսզի կերպը եւ բովանդակութիւնը ըլլան առինքնող բոլորին, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին:

Է)
Ընկերային նոր հաղորդամիջոցներու շատ դրական երեւոյթին դիմաց, մասնակցողները անդրադարձան մանուկները եւ երիտասարդները այս միջոցներուն վտանգներէն պաշտպանելու անհրաժեշտութեան եւ կեդրոնացան բարոյականութեան վրայ, որ պարտի տիրել այս մարզին օգտագործութեան ընթացքին: Ապա նաեւ նկատեցին թէ ծնողներուն պարտականութիւնն է ուղղել իրենց զաւակները եւ առաջնորդել զանոնք ընկերային հաղորդամիջոցներու գործածութեան մէջ:

Ը)
Այս սեմինարը կը հրաւիրէ Միջին Արեւելքի բոլոր Եկեղեցիները օգտագործելու հաղորդամիջոցները իրենց թեմերուն եւ հաստատութիւններուն մէջ, եւ մասնագիտացնելու քահանաներ եւ աշխարհականներ աւանդական եւ թուային հաղորդամիջոցներու մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ գործնական նախաձեռնութիւններով այս սեմինարին առաջադրանքներուն իրականացումը հետապնդել:








All the contents on this site are copyrighted ©.