2012-04-22 10:57:54

Վարշաւայի Մէջ Բացուած՝ Լեհաստանի Հայերու Պատմութեան Եւ Մշակոյթին Նուիրուած Ցուցահանդէս։


Վարշաւայի Անկախութեան Թանգարանին մէջ «Հայերը` Semper Fidelis» (թարգ.` «Հայերը` միշտ հաւատարիմ») անուանումով ցուցահանդէսը նպատակ պիտի ունենայ բացայայտելու լեհահայութեան դերը Լեհաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ, կը հաղորդէ «Երկրամաս» պարբերականը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած կ'ըլլան նիւթեր, որոնք կը լուսաբանեն հայերու ծանրակշիռ դերակատարումը լեհական պատմութեան եւ մշակոյթին մէջ:
Անոնց շարքին մասնաւորապէս կ'ըլլան` արքեպիսկոպոս Իոսիֆ Թէոտորովիչի` 1902-ին հրապարակուած հովուական կոնդակը:
Եկեղեցական ոլորտի բազմաթիւ կարեւոր փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ հայկական ազգային տարազներու կրկնօրինակներ:
Ցուցահանդէսին երկրորդ մասին մէջ կը ներկայացուին հայազգի յայտնի նկարիչներու, գրողներու, հոգեւորականներու եւ յայտնի ազգանուէր մարդոց, օրինակ` Իգնատի Լուկասեւիչի, Թէոտոր Ակսենտովիչի դիմանկարները:
Ցուցահանդէսը բացուած Ապրիլ 19-ին,բաց կը մնայ մինչեւ 2012 Օգոստոս 31-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.