2012-04-21 12:40:54

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Ս. Գիրքի Քահանայապետական Յանձնախումբի Նախագահին,


Որով կ'ընդգծէ ներշնչումի կարեւորութիւնը ճշմարտութեան ճամաչումին համար։

Նորին Սրբութիւնը իր ուղղած պատգամին մէջ, Ս. Գիրքի քահանայապետական յանձնախումբի նախագահ կարտինալ Ուլիամ Լեվատային, տարեկան լիանիստ գումարին աւարտին, կ'ընդգծէ ''ներշնչումի'' կարեւորութիւնը պատշաճ մօտեցում կատարելու Աստուածաշունչին։ Ապա Սրբազան հայրը կը յիշեցնէ որ Յայտնութիւնը թէեւ վերջ գտաւ վերջին առաքեալի մահով, սակայն յայտնուած Աստուծոյ խօսքը, կը շարունակուի քարոզուիլ ու մեկնաբանուիլ Եկեղեցւոյ ողջ աւանդութեամբ։ Նշենք որ ս. Գիրքի յանձնախումբը` խորհրդատու մարմին մը ի սպաս եկեղեցւոյ վարդապետութեան, իր աշխատանքները կատարեց Վատիկան՝ ապրիլ 16-20, ընդհանուր քարուղար՝ Յիսուսեան հայր Սթոքի ուղղութեամբ, ունենալով որպէս նիւթ ''Ներշնչումը եւ ճշմարտութիւնը Ս. Գիրքի''։ Յանձնախումբը կազմուած է 20 մասնագէտներէ, նշանակուած՝ 5 տարուան համար, եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու կողմէ։ Անոր նպատակ է գիտականօրէն ուսումնասիրել Ս. Գիրքի հայող թիւր գաղափարները, ինչպէս նաեւ՝ դիմագրաւել վիճաբանութեան առարկայ ներկայ հարցերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.