2012-04-21 12:43:57

Թիւնիզի Նախագահը՝ Մունսէֆ Մարզուքի Կը Դատապարտէ Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Հարստահարումը ''Մօրուքաւոր'' Կոչուած Մոլեռանդ Մահմետականներու Կողմէ։


Թիւնիզի նախագահը՝ Մունսէֆ Մարզուքի խստիւ դատապարտած է Թիւնիզի մէջ ռուս օրթոտոքս եկեղեցւոյ դէմ վերջերս կատարուած յարձակումները մոլեռանդ մահմետականներու կողմէ, որոնց ըմբռնումով՝ Թիւնիզը պէտք է մնայ իսլամ երկիր մը։ Իր այս կեցուածքով երկրին նախագահը ուզեց երաշխաւորել քրիստոնեաներուն իրաւունքը հրապարակաւ պաշտամունք կատարելու եւ ազատութեամբ ապրելու իրենց հաւատքը։ Միաժամանակ ան յիշեցուց որ Թինիզի սահմանադրութիւնը կը ճանչնայ կրօնական ազատութիւնը եւ իսլամութիւնը կը դատապարտէ ՜՜կոյր մոլեռանդութիւնը՝՝։
Նշենք որ՝ Պեն Ալիի վարչաձեւի անկումէն ետք, (անցեալ յունուար 2011ին) կրօնական անհանդրժողութեան երեւոյթները առօրեայ դարձած են Թիւնիզի մէջ, վերջերս ծայրայեղները նոյնիսկ կործանած են քրիստոնեաներու գերեզմանաքարերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.