2012-04-21 12:28:42

Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Սեմինարի Հայ Կաթողիկէ Մասնակիցները Այցելեցին Զմմառու Վանք։


Չորեքշաբթի 18 Ապրիլի կէսօրին, Զմմառու վանք այցելեցին արհիապատիւ գերապայծառ Տիարք՝ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Պետրոս արք. Միրիաթեան, Օգոստինոս եպս. Գուսան, Րաֆայէլ արք. Մինասեան, Յովսէփ թ.ծ.վ. Քէլէկեան, Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Տիար Րոպէր Աթարեան, որոնք կը մասնակցին Ընկերային Հաղորդամիջոցներու սեմինարին՝ «Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս միջոց աւետարանացումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան» թեմայով, որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ ապրիլ 17-էն 20:
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն համար գումարուած այս առաջին սեմինարին նպատակն է օգնել խորհրդակցութեան եւ կազմաւորման նոր հեռանկարներու բացումին այս աշխարհագրական շրջանի Եկեղեցիներուն առջեւ, թուային դարաշրջանին եւ հաղորդամիջոցներու մարտահրաւէրներուն դիմաց: Այս առթիւ նաեւ տօնեցին գերապայծառ Հ. Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Քէլէկեանի ծննդեան տարեդարձը, մաղթելով իրեն քաջառողջութիւն և բեղուն առաքելութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.