2012-04-21 13:03:40

Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցները Որպէս՝ Աւետարանութեան, Երկխօսութեան ու Խաղաղութեան միջոցառում։ (Թղթատարութիւն Ռոպէր Աթթարեանի Լիբանանէն)։


Լիբանանի մէջ կայացած Ուսումնաժողովի չորրոդ եւ վերջին նիստը ''Ընկերային Հաղորդակցութեանց Միջոցները որպէս Աւետարանութեան, Երկխօսութեան ու Խաղաղութեան միջոցառում'' ունեցաւ որպէս նիւթ ''Կազմաւորումը ու Ապագայի Հեռանկարները''։ Այդ ուղղութեամբ ելոյթ ունեցաւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը`Գերերջանիկ ֆուատ Թուալ խօսելով '' Ընկերային Հաղորդակցութեանց Կազմաւորուման Անհրաժեշտութիւնը Դպրեվանքերու ու Աստուածաբանական Համալսարաններուն մէջ'' նիւթին մասին։
Իսկ Փրոֆեսոր Մասսառա իր կարգին շօշափեց հետեւեալ նիւթը. ''Յիսուսի Մեթոտը Աւետարանի Պատգամը Հաղորդելու Բոլոր Ազգերուն. Ի՞նչ Ընել Այսօր'' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.