2012-04-20 13:23:19

Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Շարժապատկերներու Շաբաթը։


Հայկ Յարութիւնեանի «Արեւմտահայաստան. կորուսեալ հայրենիք» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ, բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած շարժապատկերներու շաբթուան` կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման լիբանանահայ մարմինին:
«Արեւմտահայաստան. կորուսեալ հայրենիք»-ը շուրջ երկու ժամուան ընթացքին լիբանանահայ ակնդիրին ծանօթացուց բռնագրաւեալ Հայաստանի 12 գլխաւոր քաղաքները` իրենց պատմամշակութային հարստութիւններով եւ ազգային իւրայատկութիւններով: Արմինէ Յարութիւնեանի բեմագրութեամբ 2007-ին պատրաստուած այս ժապաւէնը հետաքրքրական ուղեւորութիւն մը եղաւ դէպի Կարս, Դարոյնք, Անի, Բերկրի, Դատուան, Վան, Բաղէշ, Մուշ, Բասէն, Թորթում, Արտուին եւ Կարին:
Վաղը երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ շարժապատկերներու շաբթուան երկրորդ ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Հանրութեան կը ներկայացուի իտալացի Թաւիանի եղբայրներու «Արտոյտներու ագարակը» ժապաւէնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.