2012-04-20 13:18:06

Իտալիոյ Սքաֆաթի-ի Քաղաքային Խորհուրդը Ճանչցած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ։


Իտալիոյ Սքաֆաթի-ի քաղաքային խորհուրդը ,Ապրիլ 17-ին միաձայնութեամբ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին որոշումը` «Յարգանքի տուրք մատուցելով 1.5 միլիոն հայ նահատակներուն յիշատակին եւ զօրակցութիւն յայտնելով հայ ժողովուրդին», այս մասին կը տեղեկացնէ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:
Նախապէս Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան այցելած է Սալերնօ նահանգի Սքաֆաթի Scafati քաղաքը (որ ունի 51հազար բնակիչ) ուր հանդիպում ունեցած է քաղաքապետ ԱնՃելոյ Փասքուալինօ Ալիպերթի-ի հետ (Angelo Pasqualino Aliberti), ինչպէս նաեւ մասնակցած է քաղաքի պատմական շինութիւններէն մէկուն` Ռէալ Փոլուերիքօ Պորպոնիքոյի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած «Հայ Արուեստագէտները Սքաֆաթիի մէջ» (Artisti Armeni a Scafati) ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութեան:
Քաղաքապետին հետ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին դեսպան Կարապետեան քննարկած է Սքաֆաթիի հետ քաղաքային մակարդակով համագործակցութեան հաստատման, զբօսաշրջութեան եւ առեւտրա-տնտեսական ոլորտներուն մէջ կապերու զարգացման հնարաւորութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.