2012-04-19 13:59:47

Վատիկանի Կիսապաշտօն Օրաթերթը՝ L’Osservatore Romano-ն, Կ'ընդգծէ Քահանայապետին Զոյգ Տօնախմբութիւնները։


՜՜Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը միշտ աւելի գնահատուած ու սիրուած է՝՝։
Սրբազան Քահանայապետին ծննդեան 85-ամեակի՝ եւ Ս. Պետրոսի Աթոռին բարձրանալուն 7-րդ տարեդարձի՝ զոյգ տօներու առթիւ, Վատիկանի օրաթերթի տնօրէնը` Ճան Մարիա Վիան, իր գրութեան մէջ կը խնդակցի աշխարհի չորս անկիւններէն հասած բազմահազար մաղթանքներուն ի տես, որոնք կը դրսեւորեն մարդոց գորովն ու գնահատանքը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին անձին հանդէպ։ Նորին Սրբութիւնը իր այս առաքելութեան մէջ կը զգայ ներկայութիւնը՝ սուրբերուն ու բարեկամութիւնը՝ բազմաթիւ մարդոց, որոնք ամէն օր իրեն համար կ'աղօթեն կամ ուշադրութեամբ կ'անսան անոր ճառերը։
Քահանայապետութեան մեծ թուականները։
19 ապրիլին սկիզբ առաւ Սրբազան Հօր քահանայապետութեան 8-րդ տարին։ Նախքան Մեքսիքա եւ Գուպա առաքելական ճամբորդութիւնները կատարելը ( 23-28 մարտ), Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետը 7 տարիներուն ընթացքին կատարեց 23 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց Իտալիայէն դուրս։ Հրապարակեց երեք շրջաբերական թուղթեր, գլխաւորեց կարտինալական չորս ժողովներ եւ որուն ընթացքին նշանակեց 84 կարտինալներ։
Նորին Սրբութիւնը նաեւ հռչակեց 37 նոր սուրբեր ու երանելի հռչակեց իր անմիջական նախորդը Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը։
Հրապարակեց երկու հատորներ ՜՜Յիսուս Նազովրեցի՝՝ի կեանքի մասին, եւ այս տարուայ աշնան, լոյս պիտի տեսնէ երրորդ հատորը։
Պենետիկտոս ԺԶ. կը պատրաստուի յառաջիկայ սեպտեմբերին Լիբանան առաքելական ճամբորդութիւն կատարել, Արեւելքի պատրիարքներուն ու եպիսկոպոսներուն յանձնելու՝ ՜՜Միջին Արեւելքի՝՝ նիւթին մասին սիւնհոդոսի արդիւնքները` ՜՜յորդորագիրը՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.