2012-04-19 14:02:13

Յիշատակում՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի 97-ամեակին Հռոմի Մէջ


՜՜Կուրճիէֆ՝՝ Համոյթի Ելոյթը
Հռոմի Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանը եւ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդը, մասնակցութեամբ՝ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակի յանձնախումբին ու հայ մշակողթի ու վաւերագրումի կեդրոնին, եւ Ի Յիշատակում՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի 97-ամեակին, Ապրիլեան Նահատակաց տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս, կազմակերպած են երեկոյթ մը՝ Ս Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի 22 Ապրիլի ժամը 20-ին։ Երեկոյթին ելոյթ պիտի ունենայ ՜՜Կուրճիէֆ՝՝ի անուան հայկական ժողովրդական գործիքային նուագախումբը։ Ձեռնարկը կը հովանաւորէ Իտալիոյ մօտ Հ Հ դեսպանութիւնը, Յայտագիրը կը բովանդակէ արեւելեան աւանդական նուագային գործիքներու համար հայկական ժողովրդական կտորներ ու սրբազան երգեցողութիւն, որոնց նուագաւորումը կատարած է Լիբանահայ արուեստագէտ Լեւոն Էսքենեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.