2012-04-19 14:00:45

Մխիթարեան Միաբանութեան Ընտրական Ընդհանուր Ժողովը։


Մխիթարեան Միաբանութիւնը, 11-15 Ապրիլ 2012, Վենետիկի Ս Ղազար կղզիի մայրավանքին մէջ ընդհանուր ընտրական ժողով կատարեց եւ 13 Ապրիլին Հ. Եղիա Ծ Վրդ. Քիլաղպեանը վերընտրուեցաւ որպէս Ընդհանրական Աբբահայր։
Վարչական կազմը կ՝ընդգրկէ հետեւեալը.
Հ. Վահան վրդ. Օհանեան ընդհանուր աթոռակալ
Հ. Պօղոս վրդ. Գոճանեան Վիեննայի Տեղական Աբբահայր
Հ. Սերոբ վրդ. Չամուրլեան ընդհանուր առաջակայ
Հ. Համազասպ վրդ. Քէշիշեան ընդհանուր ընդհանուր քարտուղար
եւ Հ. Գրիգորիս վրդ. Սերէնեան ընդհանուր մատակարար եւ գործակալ առ գահուն Հռոմայ։ Ռատիովատիկանի Հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը կը շնորհաւորէ Աբբահայրը՝ Հայր Եղիա Քիլաղպեանը ու վարչականները յայտնելով բարեմաղթութիւնները, որպէսզի շարունակեն իրենց բեղուն աշխատանքը Հայ Ազգի հոգեւոր օգուտին եւ լուսաւորութեան նուիրուած ծառայութեան լուսաշող ճանապարհէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.