2012-04-19 14:01:07

՝՝Սուրիա Չի Յարգեր Զինադարը՝՝ Կ՝ըսէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղար Պան Քի Մուն ։ Սուրիոյ Մօտ Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Զէնարի Կոչ Կ՝ընէ ՝՝Կասեցնելու Բռնութիւնները՝՝։ Այսօր Ժողով՝Փարիզի Մէջ։


Սուրիոյ մէջ ճգնաժամի յաղթահարման ուղղուած ծրագիրը կ'ենթադրէ կողմերու միջեւ շարք մը պարտականութիւններու կատարում, մասնաւորապէս` զինուած գործողութիւններու դադրեցում, տուժածներուն մարդասիրական օգնութեան տրամադրում եւ երկխօսութեան հաստատում: Ինչպէս որ իր կոչին մէջ յիշեց նաեւ Սուրիոյ Կառավարութեան Մօտ Առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Մարիօ Զենարի Ռատիօ Վատիկանի տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին ։ Դժբախտաբար (ըսաւ Գերապայծառ Զենարի) հրադադարը տակաւին շատ անկայուն է , եւ թէ հրադադարի հոս ու հոն դրժումները մեզի ցոյց կուտան որ սա պահուն Սուրիոյ ապագային համար լաւատես ըլլալը դիւրին չէ։
Միւս կողմէ ՄԱԿ-ի Դիտորդական Առաքելութեան ներկայացուցիչները գացած են Հոմս քաղաքը: Անոնք ուսումնասիրութիւններ կատարած են քաղաքին մէջ եւ զրուցած Ճոպար թաղամասի բնակիչներուն հետ: Դիտորդական խումբի ղեկավար, մարոքցի գնդապետ Ահմետ Հիմիշ յայտարարած է, որ պէտք է «փոքր քայլերով» առաջ շարժուիլ:
Իսկ այսօր Փարիզի մէջ Սուրիոյ հարցին նուիրուած միջազգային հանդիպում մը տեղի կ'ունենայ, որուն կը մասնակցին 15 երկիրներու ԱԳ նախարարներ: Անոնց շարքին են՝ Գերմանիոյ, ԱՄՆ-ի, Յորդանանի, Քաթարի, Մոնաքոյի, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները» յայտնած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Պեռնար Վալերօ:
Մոսկուայ պիտի չմասնակցի Սուրիոյ մասին կայանալիք այս միջազգայինմ ժողովին քանի որ ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Ալեքսանդր Լուքաշէվիչ-ի Ժողովի նպատակը ՝՝ չէ փնտռել միջ -սուրիական երկխօսութիւն մը, այլ ընդհակառակը խորացնել հակասութիւնները ընդմէջ Դամասկոսի եւ Ընդդիմութեան՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.