2012-04-18 13:14:46

Սուրիոյ Մէջ Հրադադարը՝Փխրուն։ Երէկուայ Տուեալներով Կան 39 Մեռեալներ։ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Մուալլէմ Փեքինի Մէջ։


Սուրիական հանգոյցը միշտ աւելի դժուար լուծելու համար։ Դժբախտաբար կը շարունակուին բռնութիւնները,եւ թէ միյան երէկ արդէն արծանագրուած են 39 մեռեալներ, ի հեճուկս ՄԱԿի դէտերու ներկայութեան երկրէն ներս։
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Սերգէյ Լաւրով անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ հաստատուած զինադադարին յայտնեց, որ «իսկապէս, զինադադարը յարաբերաբար փխրուն է»` աւելցնելով սակայն որ «գոյութիւն ունին պետութիւններ եւ արտաքին ուժեր, որոնք չեն ուզեր, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի ծրագիրը յաջողի»: Ան օտար պետութեանց կոչ ուղղեց` «ի շահ սուրիացի ժողովուրդին» եւ ոչ թէ «իրենց աշխարհաքաղաքական փառամոլութեանց եւ անմիջական շահերուն օգտին աշխատելու»:
Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիա գաղթած սուրիացիներուն տրամադրած է մօտ 25 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ Պետական բաժանմունքը:
«ԱՄՆ-ը օգնութիւն տրամադրած է տարածաշրջանին մէջ գործող՝ Միջազգային ու Ոչ- Կառավարական կազմակերպութիւններու միջոցով: Գումարէն մօտ 8.5 միլիոն տոլարը պիտի փոխանցուի ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Վարչութեան»( կը նշուի Պետական բաժանմունքի մամուլի հաղորդագրութեան մէջ):

Ապրիլ 15-ի տուեալներով` Թուրքիոյ ճամբարներուն մէջ գտնուող սուրիացիներուն ուղարկուած է մօտ 34.000 վերմակ, 10.000 մահճակալ, ՄԱԿ-ի համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչները թրքական իշխանութիւններուն հետ կ’այցելեն փախստականներու ճամբարներ:
Նշենք որ այսօր (18 Ապրիլ) Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Վուալիտ Մուալլէմ Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցաւ երկրի Արտաքին Գործոց Նախարար Եանկ Եիէչի-ի հետ,հաստատելով գործակցութիւնը ՄԱԿի նուիրակ Քոֆֆի Աննանի հետ,յարգելով նոյնինքն Աննանի վեց կէտեր բովանդակող ծրագիրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.