2012-04-18 13:26:56

Ապրիլեան Նահատակաց Յիշատակի Հանդիսաւոր Նշում Պէյրութի Մէջ։


Լիբանան- Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Մեծ Եղեռնի նուիրուած յուշակոթողին շուրջ, երկուշաբթի 23 ապրիլին երեկոյեան ժամը 8.30-ին սկիզբ պիտի առնէ Հսկումի երեկոն, ի յիշատակ Ապրիլեան նահատակներուն, իսկ երեքշաբթի օրը՝ 24 ապրիլին մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակներու 97-րդ տարելիցին առթիւ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայրապետական Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ Հանգստեան պաշտօն պիտի կատարէ Եղեռնի զոհերուն հոգւոյն համար, եւ ուշ յետմիջօրէին՝ ժամը 5-ին՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ (Ժէիթաուի) տեղի պիտի ունենայ Ապրիլեան փառատօն , որուն ընթացքին գեր. Հ. Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, ներկաներուն պիտի փոխանցէ օրուան Պատգամը։


Իսկ Զալքայի Մէջ՝ (Լիբանան)
Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Յիշատակին Հսկումի Երեկոյթը Տեղի Կ՝ունենայ Շաբաթ, 20 Ապրիլին։

Շաբաթ, 20 Ապրիլի, ժամը 8.30-ին, Զալքայի՝ Ս Խաչ Եկեղեցւոյ՝ Մեծ Եղեռնի յուշակոթող-Խաչքարին շուրջ տեղի պիտի ունենայ հսկումի երեկոյ մը, իսկ Կիրակի 21 Ապրիլին, Ս Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ, Գերպատիւ՝`
Հայր Սեպուհ Վրդ Կարապետեան Հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցէ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարէ Ապրիլեան նահատակներու հոգւոյն համար։











All the contents on this site are copyrighted ©.