2012-04-17 13:50:00

ՄԱԿ-ի Դիտորդները Սուրիոյ Մէջ ։ Յառաջիկայ Ժամերուն Սուրիա պիտի Ժամանեն ՄԱԿ-ի 24 Զինուորները։


Հակառակ անոր, որ միջազգային դիտորդներու առաջին խումբը արդէն Սուրիա հասած է, բախումները Սուրիոյ մէջ չեն դադրիր: Սուրիական ընդդիմութիւնը կը պնդէ, որ քաղաքի ռմբակոծութիւնները Ապրիլ 12-ին հաստատուած հրադադարէն ետք չեն դադրած:
Սուրիոյ մէջ մէկ տարի շարունակուող բախումներու հետեւանքով զոհերու թիւը անցած է 11 հազարը, կը տեղեկացնէ Լոնտոնի մէջ գործող «Սուրիոյ մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ը:
«Սպաննուած են 7972 բնակիչներ, եւ 3145 զինուորներ »,- յայտարարած է սոյն կազմակերպութեան ղեկավար Ռամի Ապտուրահման:
Յիշեցնենք, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի որոշմամբ, միջազգային դիտորդներու առաջին 6 հոգինոց խումբը արդէն Սուրիա կը գտնուի ։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշումով Սուրիա պիտի ուղարկուի 30 հոգիէ կազմուած դիտորդական առաքելութիւն, սակայն այդ թիւը կրնայ հասնիլ 200-ի:
Սուրիոյ Իշխանութիւնները նաեւ յայտարարած են, որ պիտի փափաքին իրենք ընտրել միջազգային դիտորդները` պայմանաւորուած անոնց ազգային պատկանելութեամբ, վերահսկել միաժամանակ անոնց գործողութիւնները` անոնց իսկ անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով:








All the contents on this site are copyrighted ©.