2012-04-17 16:22:49

Կարտինալ Սոտանոյի Խօսքը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ծննդեան 85-ամեակի Տօնախմբութեան Առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ծննդեան 85 ամեակի տօնախմբութեան առթիւ, խօսք առնելով կարտինալական դասի երեցագոյնը` կարտինալ Սոտանօ ընդգծեց որ Գերմանիոյ Եկեղեցին մեծ պարգեւ մը ըրաւ ընդհանրական եկեղեցւոյ, երրորդ հազարամեակին սկիզբը, շնորհելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։
Կարտինալ Սոտանօ ողջունեց Սրբազան Հօր վեհանձնութիւնը ու ցուցաբերած հոգատարութիւնը բոլորին հանդէպ։
Ինքնաբուխ քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.՜՜ կը գտնուիմ իմ կեանքիս վերջին հանգրուանին մէջ բայց եւ այնպէս լաւատեղեակ եմ որ Աստուծոյ լոյսը ներկայ է, ան Յարութիւն առաւ։ Անոր լոյսը կը գերազանցէ խաւարը, անոր բարութիւնը աւելի հզօր է քան աշխարհի չարիքը։ Ասիկա կ'օգնէ ինծի վստահութեամբ ու արիութեամբ յառաջանալու։ Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց որոնք իրենց հաւատքով կը ցոլացնեն Աստուծոյ ներկայութիւնը՝՝։ Սրբազան Հայրը մատնանշեց որ սրբուհի Պերնատեթ Սուպիրու եղաւ իր կեանքին մեծ օրինակը։ Ան յիշեցուց թէեւ գիտութիւնը բնականաբար հարկաւոր է, սակայն պէտք չէ մոռնանք կարեւորութիւնը սրտի պարզութեան, կարող՝ էականը տեսնելու ու դիտելու։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը կէսօրուայ մօտ, հանդիպում ունեցաւ Պավարիայէն եկած շուրջ 170 ուխտաւորներու հետ, որոնց շարքին՝ մեծ թիւով պատանիներ, որոնք իրենց երաժշտութեամբ ու երգերով յիշեցուցին իր մանկութիւնը։
Նշենք որ այս առթիւ Սրբազան Քահանայապետը բազմաթիւ շնորհաւորութիւններ ստացաւ աշխարհի նախագահհներէն ։ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը մաղթեց որ Սրբազան Հայրը կարողանայ շարունակել իր բարոյական ու հոգեւոր ուսուցումը ջամբել ։ Նոյն մաղթանքը նաեւ յայտնեց Անգլիոյ Եղիսաբէթ թագուհին, որ զինք ընդունած էր 2011-ի՝ սեպտեմբերին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը որ ամէնէն տարեց Քահանայապետը եղաւ մէկ դարէ ի վեր, կը շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը ծայրագոյն լուսաւորութեամբ։ Անոր տարեդարձը բարեպատեհ առիթ մըն է վերակոչելու անոր եօթը տարիներու գործունէութիւնը։
Թիւերը արդէն պարճախօս են. Սրբազան Հայրը 23 ճամբորդութիւններ կատարած է արդէն Իտալիայէն դուրս, որոնցմէ մէկը ՜՜Ս. Երկիր՝՝, ուրիշ մը ՜՜Գուպա՝՝։ Յառաջիկայ սեպտեմբերին ՜՜Լիբանան՝՝ պիտի այցելէ։
85ամեայ քահանայապետը արդէն գլխաւորած է երեք երիտասարդութեան համաշխարհային օրեր եւ կը ծրագրէ 2013-ին Պրազիլ երթալ, գլխաւորելու՝ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը։
Աստուածաբան Քահանայապետը, արդէն հրապարակած է երկու հատորներ. ''Յիսուս Նազովրեցի''ի մասին, եւ երրորդը պատրաստութեան մէջ է ու հաւանաբար լոյս տեսնէ սեպտեմբերին ։ Ան նաեւ գրեց երեք շրջաբերական թուղթեր։ Առանց մոռնալու որ՝ արդէն գլխաւորած է չորս եպիսկոպոսական սիւնհոդոսներ եւ յառաջիկայ հոկտեմբերին կը պատրաստուի գլխաւորել հինգերորդը` նուիրուած Աւետարանութեան։
Ան 2005-ի՝ ապրիլէն ասդին, հռչակեց 37 նոր սուրբեր ու յառաջիկայ հոկտեմբերին պիտի հռչակէ եօթը նոր սուրբեր։ Անցեալ տարի՝ ան Հռոմի մէջ, երանելի հռչակեց իր անմիջական նախորդը Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.