2012-04-17 16:24:51

Այս Տարի Եւս Ցեղասպանութեան Տարելիցին 24 Ապրիլին Ցոյցեր Տեղի Պիտի Ունենան Թուրքիոյ Մէջ:


Թրքական շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ այս տարի եւս բողոքի հաւաքներ պիտի կազմակերպեն Թուրքիոյ մէջ, նուիրուած Հայկական Ցեղասպանութեան տարելիցին:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ»օրաթերթին ցոյցի նախաձեռնողներն են Մարդկային Իրաւունքներու Միութիւնն ու «Ո՛չ ըսէ Ցեղապաշտութեան » նախաձեռնութեան անդամները:
Գլխաւոր ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ կեդրոնական «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ, իսկ Ապրիլ 24էն առաջ, այլ հաւաքներ տեղի պիտի ունենան Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ:
Կազմակերպիչները նշած են, որ սուտը երբե՛ք չի կրնար յաւիտենական ըլլալ, եւ իրենք կը փափաքին իրականութիւնը բացայայտել: «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ցեղային, օրինական, քաղաքական եւ ընկերային ամբողջական պատասխանատուութեան գիտակցութեան արդիւնք պէտք է ըլլայ», նշած է Մարդկային Իրաւունքներու Միութեան անդամ Տիկին Այշէ Կիւնայսու-ն: Ան աւելցուցած է, թէ միայն անցեալի ցաւերու գիտակցութիւնը առիթ պիտի ընծայէ աւելի ժողովրդավարական դարձնելու Թուրքիան: Կազմակերպիչները նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրած են անցեալ տարուան Ապրիլ 24ին սպաննուած Պոլսահայ զինուոր Սեւակ Պալըքճիի հարցին վրայ:
Երկու հասարակական կազմակերպութիւնները անցեալին եւս նմանատիպ ցոյցեր կազմակերպած էին Ապրիլ 24ին, Պոլսոյ, Անգարայի, Իզմիրի եւ Թուրքիոյ այլ շրջաններուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.