2012-04-16 13:30:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին ''Ողջ Լեր Թագուհի'' Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 15 ապրիլին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին ՜՜Ողջ Լեր Թագուհի՝՝ մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Քրիստոնեայ աշխարհին ուղղած խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար, որպէսզի ինք կարողանայ լաւապէս կատարել իրեն յանձնուած առաքելութիւնը։
Նշենք որ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը պատրաստուի այս շաբաթուան ընթացքին տօնելու ծննդեան 85-րդ տարեդարձը՝ 16 ապրիլին եւ Քահանայապետ ընտրուելու 7-րդ տարեդարձը` 19 ապրիլին։ Կարտինալ Ժոզէֆ Ռացինկեր 78 տարեկան էր եւ կառավարիչը Հաւատոյ ժողովին։ Ան Քահանայապետ ընտրուեցաւ 19 ապրիլ 2005-ին, երկու օրուայ կարտինալներու ժողովէն ետք, դառնալով՝ 265-րդ Քահանայապետը Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցւոյ, յաջորդը՝ Պետրոս առաքելապետին եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին, առնելով Պենետիկտոս ԺԶ անունը։
Մարեմեան խորհրդածութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց որ Լատին եկեղեցին կը տօնախմբէ ''Աստուածային ողորմութեան'' տօնը որ կը զուգադիպի Նոր Կիրակիի հետ։ Ան ընդգծեց որ քրիստոնէական պաշտամունքը միայն ոգեկոչում մը չէ անցեալի դէպքերուն կամ յատուկ խորհրդաւոր ներքին փորձառութեան մը, այլ յատկապէս այդ տօնը՝ հանդիպում մըն է Յարուցեալ Քրիստոսի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.