2012-04-16 13:37:10

Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսաց Յատուկ Ուսումնաժողով Լիբանանի Մէջ։


Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդը կազմակերպած է՝ «Հաղորդակցութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս միջոց աւետարանացումի, երկխօսութեան եւ խաղաղութեան» տիտղոսով սեմինարը, որ սկիզբ պիտի առնէ վաղը 17 ապրիլին ՝ եւ պիտի տեւէ մինչեւ 20 Ապրիլ, Հարիսայի մէջ (Լիբանան) Տիրամօր Պէթանի օթեւանը: Անոր կը մասնակցին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներն ու ծէսերը ՜՜ներկայացնող՝ անձեր՝՝ յատկապէս Պատրիարքները եւ եպիսկոպոսները որոնք ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու պատասխանատուութիւնը ունին, ինչպէս նաեւ քահանաներ կամ աշխարհականներ որոնք կը գործեն (հաղորդակցութեան) բնագաւառէն ներս։
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն համար գումարուող այս առաջին սեմինարին նպատակն է, օգնել խորհրդակցութեան եւ կազմաւորման նոր հեռանկարներու բացումին այս աշխարհագրական շրջանի Եկեղեցիներուն առջեւ, թուային դարաշրջանին եւ հաղորդամիջոցներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ այս սեմինարին պաշտօնապէս կը մասնակցին Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին կողքին, Արհիապատիւ տիարք՝ Պետրոս արք. Միրիաթեան, Ռաֆայէլ արք. Մինասեան, Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան եւ Երուսաղէմի ու Ամմանի առաջնորդ գերապայծառ Յովսէփ թ.ծ.վ. Քէլէկեան, ինչպէս նաեւ Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ տիար Րոպէր Աթթարեան:










All the contents on this site are copyrighted ©.