2012-04-16 13:33:52

Միջազգային Դէտերը Դամասկոս Հասան։ Աֆղանիստանի Մայրաքաղաք Գապուլի մէջ Կայացած Փախումները Կը Պատճառեն Առ Նուազն 47 Մեռեալներ։


Կիրակի Օրը Դամասկոս հասան միջազգային առաջին Դէտերը՝ՄԱԿի հովանաւորութեամբ, որոնք պիտի հսկեն որոշուած հրադադարի կիրարկումին՝ Սուրիոյ մէջ։ Միւս կողմէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը Պան Քի Մուն որոշ մտահոգութիւն արտայայտեց անոր համար որ ինչպէս երէկ ,նաեւ այսօր ընդհարումը չի դադրիր Նախագահ Ասսատի ու դասալիքներու միջեւ (բանակէն հեռացած զինուորներու) յատկապէս Հոմսի՝Գալտիյէ եւ Պայատա թաղամսերու մէջ,որ բանակը ռմկածոծեց այդ վայրերը։
Իսկ Աֆղանիստանի մէջ Թալէպանները ցոյց տուին որ կրան հարուածել ուր որ ուզեն,նոյնիսկ Խորհրդարանը ։ Կիրակի յետ միջօրէին Գապուլի մէջ սկիզբ առած բուռն բախումները պատճառեցին ընդ ամէնը 47 մեռեալներ,ըստ Աֆղանիստանի Ներքին Գործոց նախարարութեան։ Այս 47 մեռեալներու 32ը Թալէպաններ են,8ը ապահովութեան ուժի անդամներ, իսկ երեքը քաղաքացիներ։ Գապուլի մէջ կայացած բուռն բախումները տեւած են գրեթէ 20 ժամ,եւ թէ կան նաեւ 40 վիրաւոր զինուորներ,եւ 25 քաղաքացիներ։
Միւս կողմէ Գապուլի Ոստիկանութիւնը տեղեկացուց որ Թալէպանները նման կիներու Ջատոր հագած էին, ու իրենց կառքերուն վրայ դրած էին ծաղիկներ, կարծես ըլլային հիւրերը հարսնիքի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.