2012-04-14 14:07:01

ֆրիպուրկի Համալսարանը Ս. Նիկողայոսի՝ ՜՜ Արծաթէ Վարդը՝՝ Շնորհած Է Գերապայծառ Մեննինիի։


Պաշտօնական առաջին հանդիպումը Զուիցերիոյ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս երկու եպիսկոպոսներու։
Յառաջիկայ 3 մայիսին ֆրիպուրկի համամիութենական համալսարանը գերապայծառ Մեննինիին` առաքելական դեսպանը Լոնտոնի մօտ, կը շնորհէ պատուոյ Ս. Նիկողայոսի ՜՜արծաթէ վարդը՝՝։
Այս առթիւ Վատիկանի դիւանագէտը դասախօսութիւն մը պիտի տայ ''կաթողիկէ եւ օրթոտոքս քրիստոնեաները Ռուսիոյ մէջ, զարգացում եւ հեռանկար ապագայի համար'' նիւթին մասին։ Գերապայծառ Մեննինի հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցանէ ֆրիպուրկի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ Չերնոպիլի զոհերուն ։ Սրբազան երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Քիեւի երգչախումբը ։ Գերապայծառ Մեննինի նոյնպէս հանդիպում պիտի ունենայ Զուիցերիոյ օրթոտոքս եպիսկոպոսներուն հետ, որոնք 8 եւ 9 մայիսին իրենց ընդհանուր ժողովը կը գումարեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.