2012-04-14 12:46:49

Քոֆֆի Աննան Դամասկոսի Կոչ Կ՛Ուղղէ Մարդասիրական Միջանցքներ Բանալու։


ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆֆի Աննան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ զինադադարին գծով «յարաբերական յանձնառութիւն» գոյութիւն ունի: Ան յոյս յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Սուրիա դէտեր ուղարկելու շուրջ որոշումը հրապարակէ: Աննան նաեւ սուրիական կառավարութեան կոչ ուղղեց մարդասիրական միջանցքներ բանալու,նկատի առնելով որ 1 միլիոն անձեր օժանդկութեան պահանջքն ունին։
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի «Ի.Թելէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին համոզում յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ զինադադարի հաստատման յայտարարութեան մէջ անկեղծ չէ, եւ պէտք է երկրին մէջ կացութեան հետեւելու համար միջազգային դէտեր տեղակայել»։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ յայտնեց, որ Աննանի նախաձեռնած հոլովոյթը «Սուրիոյ եւ անոր իշխողներուն համար հոյակապ առիթ մըն է եւ թերեւս վերջին առիթը»` նշելով, որ «այս հոլովոյթին յաջողութիւնը բոլորին համար մեծ առիթ մը պիտի ըլլայ»:
ՕԹԱՆ-ի բանբեր Քարմեն Ռոմերօ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ արձանագրուած միջադէպին համար եւ նշեց, որ դաշինքը «մօտէն կը հետեւի կացութեան եւ պիտի շարունակէ այդ մէկը կատարել»: Բայց եւ այնպէս ըսաւ, որ Թուրքիա ՕԹԱՆ-էն այս հարցով օժանդակութիւն չէ խնդրած: Ռոմերօ ընդգծեց, որ ՕԹԱՆ «իր անդամները պաշտպանելու հարցը շատ լուրջի կ՛առնէ»:
Միւս կողմէ, ռուսական «ՌԻԱ ՆՈՎՈՍԹԻ » լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ Ռուսիոյ ծովուժի մարտանաւերը մնայուն հերթապահութիւն կը կատարեն Սուրիոյ ծովափին մօտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.