2012-04-14 13:59:30

Փաքիստանի Մէջ Կաթողիկէ Դպրոցի Մը Վերաբացումը, Նախապէս Թալիպաննէրէն Կործանուած։


Փաքիստանի Խիպեր մարզին մէջ, վերաբացուած է, Աւետման միաբանութեան պատկանող՝ կաթողիկէ կրօնաւորուհիներու դպրոցը։
Անիկա 2008-ին կործանուեցաւ թալիպաններու կողմէ։
Դպրոցի տնօրէնուհին՝ մայր Ռիֆադ Սատիք, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, իր ուրախութիւնը յայտնած է. ան ''յարութեան նշան'' կը նկատէ դպրոցին վերաբացումը։ Ներկայիս դպրոցը կը ղեկավարուի երեք կրօնաւորուհիներէ եւ հոն կը յաճախեն 80 իսլամ աղջիկներ։ Յայտնենք որ Աւետման միաբանութեան կրօնաւորուհիները մէկ դարէ աւելի է որ կը գտնուին այդ հողամասին մէջ ։ Անոնք հաստատուած էին այնտեղ համար անգլիացի բանակի զաւակներու դաստիարակութիւն ջամբելու։ 1947ին Փաքիստանը անջատուելով Հնդկաստանէն, կրօնաւորուհիները մնացին երկու պետութիւններու մէջ։ Փաքիստանի մէջ Աւետման միաբանութիւնը ներկայ է երեք մարզերու մէջ. Սինտ, Բունժաբ եւ Խիլեր։ Անոնք կը հաշուեն 35 կրօնաւորուհիներ, մեծամասնութեամբ՝ փաքիստանցի եւ կը տնօրինեն դպրոցներ ու ճեմարաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.