2012-04-14 12:46:57

Հայութեան Պահանջատիրութեան Նոր Մարտահրաւէրներուն Մասին Օգտաշատ Կլոր Սեղան՝Լիբանանի Մէջ։


Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին, Ուրբաթ, 13 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Էհրամճեան»մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը , որուն նիւթն էր պահանջատիրութեան մէջ ընտանիքի, դպրոցի, ակումբի եւ մամուլի ունեցած դերակատարութիւնը:
Լսարանի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան զրուցավար տոքթ. Յովիկ Առաքելեան, որ նշեց, թէ հայութեան պահանջատիրութեան մէջ արձանագրուած են նուաճումներ, ձեռքբերումներ եւ դժբախտաբար նաեւ հիասթափութիւններ: Ան ըսաւ, որ հայութիւնը պահանջատիրութեան ջահը կրցած է փոխանցել նորահաս սերունդին: Տոքթ. Յովիկ Առաքելեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է բծախնդիր աշխատանքով բազմապատկել հայութեան ուժերը` յաւելեալ յաջողութիւններ արձանագրելու համար:
Ապա Առաքելեան բեմ հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերները: Առաջին զեկուցումը ներկայացուց Մակի Հալլաճեան, որ ներկայացուց պահանջատիրութեան մէջ ընտանիքին դերը: Ան հաստատեց, որ ընտանիքը հիմքն է կրթութեան եւ դաստիարակութեան: Հալլաճեան ըսաւ, որ զաւկին ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը պատկանի ծնողքին, որ պէտք է սորվեցնէ յարգանք եւ ազգային պատկանելիութեան զգացում:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Անժել Միսիսեան, որ նշեց, թէ հայ աշակերտութեան մօտ պէտք է արթնցնել ինքնագիտակցութիւնն ու հայկական պատկանելիութեան ազգային հպարտութիւնը: Միսիսեան շեշտեց, որ նախաձեռնութեան ոգին սերունդի կազմաւորման մէջ կարեւոր է, եւ այս ծիրին մէջ կրթական պատասխանատուները իրենց պարտականութիւնը ունին:
Հայկական ակումբներուն դերին մասին խօսեցաւ Օհան Պոտրումեան, որ յայտնեց, թէ ակումբները անցեալին կերտած են հայ նկարագիրն ու հայ մարդը, ստեղծած են ջերմ մթնոլորտ: Պոտրումեան նշեց, որ այսօր աւելի քան երբեք ակումբներն ու կազմակերպութիւնները նոր միջոցներ որոնելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման կը գտնուին: Ան աւելցուց, որ հատուցման հանգրուանին մէջ պէտք է դիմել գործնական եւ արդիւնաւէտ միջոցներու, որպէսզի հայութեան հարցը ստանայ արդար լուծում:
Կլոր սեղանի վերջին եւ չորրորդ զեկուցաբերն էր Անի Թորանեան, որ ներկայացուց «Պահանջատիրութիւն եւ հայ մամուլ» նիւթը: Ան շեշտեց, թէ հայերը պահանջատիրութեան մէջ միակամ են եւ համակարծիք, ինչ որ առաւել եւս կը նպաստէ տարուած աշխատանքներուն արդիւնաւորման: Թորանեան ըսաւ, որ հայ քաղաքական մտքի եւ իրադրութիւններու ներկայացման մէջ հայ մամուլը խօսափողն է եւ համակարգողը, եւ այս օրերուն առաւել եւս մամուլին դերը կարեւոր է, իսկ գործը` դժուար:
Աւարտին, խօսք առաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, որ շեշտեց, թէ պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ առաջնորդուիլ լաւատեսութեամբ, քանի որ այսօր հայութիւնը ոսկեդարի մէջ է: Զեկուցաբերներուն եւ զրուցավարին շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, Մարտիրոսեան յոյս յայտնեց, որ յաջորդ սերունդը շարունակէ աշխատանքը եւ հայութիւնը հասնի իր գերագոյն նպատակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.