2012-04-14 12:58:04

Թուրքիոյ Մէջ Հետեզհետէ Կ՝իրականանայ Եկեղեցւոյ Ինչքերու Վերադարձը.


.Պոլսոյ պատրիարքութեան կը վերադարձուի երկու կարեւոր ինչքեր` Պիւյիւք Ատայի որբանոցը եւ Իսթանպուլի Կալաթայի ճեմարանը։
1920-1940 տարիներուն Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած եկեղեցական հասարակութիւններու ինչքերու վերադարձը իր սեփականատէրերուն հետզետէ իրականութիւն կը դառնայ։ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան վերադարձուց երկու կարեւոր ինչքեր` Պիւյիւք Ատայի որբանոցը եւ Իսթանպուլի Կալաթայի ճեմարանը։
Պատրիարքութիւնը նախապէս դատ բացած էր Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ, մարդու իրաւուքներու Եւրոպական ատեանին մօտ, եւ 2010-ին դատը շահած էր։ Պիւյիւք Ատայի որբանոցը` Եւրոպայի փայտէ մեծագոյն շէնքը, կառուցուած է 1898-ին։ Բարթողոմիոս Ա. պատրիարքի որոշումով այդ շէնքը պիտի դառնայ կեդրոնը ''Արարչագործութեան՝՝ յարգանքի միջազգային հիմնարկութեան։ Անիկա պիտի ծառայէ որպէս փնտռտուքի ու հանդիպումի բնապահպանութեան վայր։
Իսկ Իսթանպուլի Կալաթայի ճեմարանը 1920 թուականին եղած է գլխաւոր դպրոցներէն մէկը Փերայի քրիստոնեայ թաղամասին։ 1924-ին բռնագրաւուեցաւ Աթաթիւրքի կառավարութենէն։ Յայտնենք որ Կ.Պոլսոյ պատրիարքութիւնը այլ երեք դատեր բացած է կառավարութեան դէմ Իսթանպուլի պատմական երեք եկեղեցիներու վերադարձին համար, անոնցմէ կարեւորագոյնը Գաֆայի Տիրամօր եկեղեցին։








All the contents on this site are copyrighted ©.