2012-04-13 11:45:47

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


- Յառաջիկայ 16 - 20 ապրիլ Վատիկանի Սրբուհի Մարթայի Օթեւանի մէջ Կարտինալ Ուիլլիամ Լէվատայի նախագահութեամբ Աստուածաշունջի Քահանայապետական յանձնախումբը կը գումարէ իր տարեկան լիանիստ ժողովը։ Հանդիպումի ընթացքին ժողովականները պիտի շարունակեն իրենց խորհրդածութիւնները << Սուրբ գիրգի ներշնջումը եւ ճշմարտութիւնը>> նիւթին մասին։


- Հռոմի Մասսիմօ հաստատութեան սրահներէն մէկուն մէջ, ուրբաթ յետ միջօրէի ժամը 17.30 տեղի կ՛ունենայ <<Արբանեակներէն Թուիթէր։ Լրատուամիջոցներ, աւետարանացում եւ հասարակական ցանցեր>> նիւթով կլոր սեղան մը որուն կը մասնկացին այս ասպարեզի մէջ գործող համալասարանի դասատու` լրագրող եւ մասնագետներ։ Կլոր սեղանը կազմակերպուած է Քահանայապետական ընկերային հաղորադամիջոցներու եւ Նոր աւետարանութեան խորհուրդներու հովանաւորութեամբ։ Կլոր սեղանը կը վարէ Ռատիվատիկանի մեր գործակիցը Տիար Ալէսսանտրօ Ճիզոթթի։








All the contents on this site are copyrighted ©.