2012-04-13 12:14:58

Մխիթարեան Միաբանութեան Գրադարանը Համաշխարհային Կարեւոր Ժառանգութիւն ՝՝ Կ՝ըսէ Աւստրիացի Լրագրողուհի Պարպարա Տենշըր ։


Աշխարհի առաջին Ճաբոներէն-Գերմաներէն բառարանը 1865-ին պատրաստած են Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ: Վիեննայի վեհաժողովի սկզբի առնչութեամբ՝ Մխիթարեաններու տպարանին մէջ լոյս տեսած է ֆրանսերէն առաջին հրատարակութիւնը: Մխիթարեանները մեծ դեր ունեցած են Սերպիոյ գրականութեան զարգացման գործին մէջ:
«Երեւանը գրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» ձեռնարկներուն ծիրէն ներս արդարեւ իրականացաւ «Կամուրջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի մշակոյթների միջեւ» գիրքին շնորհանդէսը, որուն ժամանակ Վիեննայէն Հայաստան հրաւիրուած աւստրիացի լրագրող Պարպարա Տենշըր հանդէս եկաւ «Մխիթարեան Միաբանութեան Գրատպութեան Արուեստը» զեկոյցով:
Վիեննայէն Հայաստան եկած հիւրը նախ ներկայացուց Մխիթարեաններու` Վիեննայի մէջ յայտնուելուն պատմութիւնը, անոնք հայ կաթողիկէ կրօնաւորներ, Վիեննա եկած են Կոստանդնուպոլսէն:
Մխիթարեաններու ուխտը հիմնադրուած է 1701-ին Կոստանդնուպոլսոոյ մէջ եւ Վիեննա տեղափոխուած է թրքական ճնշումներուն ազդեցութեան տակ:
1810-ին Մխիթարեաններուն իրաւունք կը շնորհուի արեւմտեան եւ արեւելեան լեզուներով գիրքեր հրատարակելու: Ապա տպարանը կը սկսի գործել իբրեւ եւրոպական գրատպութեան կեդրոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.