2012-04-12 12:22:06

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ապրիլ ամսոյն Մէջ Կը Տօնէ Իր Ծննդեան Ու Քահանայապետ Ընտրուելու Զոյգ Տարեդարձերը. Ծննդեան 85-ամեակ Եւ Քահանայապետութեան 7-րդ Տարեդարձ ։


Ինչպէս ամէն տարի ապրիլ ամսոյն կիսուն, Հռոմի եկեղեցին կը տօնախմբէ 16 ապրիլին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ծննդեան, ու19 ապրիլին՝ անոր Քահանայապետ ընտրուելու տարեդարձերը։
Այս տարուան համար երկու տարեդարձերը մեծ շուքով պիտի կատարուին, քանի որ կը նախատեսուի, մեծ թիւով գերմանացիներու մասնակցութիւնը ։
16 ապրիլին՝ Սրբազան Քահանայապետը Պավարիայի եկեղեցականներու եւ քաղաքագէտներու մասնակցութեամբ՝ պիտի տօնէ իր 85-րդ տարեդարձը։ Իսկ 19 ապրիլին՝ սկիզբ պիտի առնէ իր քահանայապետութեան 8-րդ տարին։
Այդ առթիւ՝ Gewandhaus de Leipzig նուագախումբը, ելոյթ մը պիտի ունենայ, Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։ Իսկ մայիսին սկիզբները, ինչպէս ամէն տարի, Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը, Քահանայապետին ի պատիւ համերգ մը կը նուիրէ։
Նշենք որ Այս տօնախմբութիւններէն առաջ եւ Աւագ Շաբթուայ ու Զատկուայ տօնակատարութիւններէն անմիջապէս ետք, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մի քանի օր հանգիստ կը կատարէ, Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.