2012-04-12 12:39:55

Հայաստանի Մէջ Կը Հաստատուի Դանիոյ Հիւպատոսութիւն ։


12 Ապրիլին պաշտօնական բացումը կը կատարուի Հայաստանի մէջ Դանիոյ Հիւպատոսութեան։
Դանիոյ Թագուհի Մարկարէթ Բ.ը այս տարուան 2 Յունուարին Հայաստանի մէջ Դանիոյ Պատուաւոր Հիւպատոսի արտօնագիր տուած է Արման Փինարպասիին:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 2009ին Հայաստանի մէջ Դանիոյ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած էր Մայլըք Պորկ-Եանսենը, որուն նստավայրը Քիեւի մէջ է:
Իսկ Նորանշանակ պատուաւոր հիւպատոսը մեծ կազմակերպութեան մը մէջ գործադիր տնօրէնի պաշտօն կը վարէր։ 2010 թուականին արժանացած է Ֆրանսայի «Արժանիքի համար» ազգային շքանշանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.