2012-04-12 12:23:05

Գերմանիոյ Մէջ Բազմաթիւ Գուրաններու Ձրիաբար Բաշխում.


Տեղւոյն իշխանութիւնները իրենց վերապահութիւնը կը յայտնեն ի տես մահմետական ծայրայեղներու ծաւալումին։
Դաշնակցային Գերմանիոյ սահմանադրութեան գրասենեակի պատասխանատուն, իր մտահոգութիւնը յայտնած է ի լուր գուրանի ձրիաբար բաշխումին՝ սալաֆիսդ շարժումի կողմէ։ Նշենք որ ՜՜շարիյան՝՝ մահմետական օրէնսդրութիւնը՝ ներհակ է Գերմանիոյ սահմանադրական հիմնական իրաւունքներուն, որոնք հիմը կը կազմեն հանրավարական ազատ կարգի։ Գուրանը ձրիաբար բաշխելու ծրագիրը սկսած էր 2011-ին, եւ կը նախատեսէ 25 միլիոն օրինակի բաշխում՝ որ կը համապատասխանէ մէկ գուրան ամէն մէկ գերմանացի ընտանիքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.