2012-04-12 12:23:20

Գերապատիւ Հայր Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան Ստացաւ ՜՜Կանոնագիտութեան՝՝ Համալսարանի Վկայականը։


Զմմառու Արծիւեան միաբան գերապատիւ Հ. Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան Հռոմի մէջ յաջողութեամբ անցնելէ ետք իր աւարտաճառը, ստացաւ համալսարանի վկայականը ՜՜կանոնագիտութեան՝՝ մասին Magna Cum Laude բարձրագոյն նիշերով ։
Ռատիովատիկանի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմը իր շնորհաւորութիւնը կը յայտնէ Հայր Բարսեղին ու Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան բարեմաղթութիւնները յայտնելով ու յուսալով որ շուտով արժանանայ աւելի բարձր վկայականի ՜՜Կանոնագիտութեան Տոքթորի՝՝ տիտղոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.