Աշխարհի Ամենահին Եկեղեցիներէն Մէկը՝ ՜՜Ղպտի Եկեղեցին՝՝ Թիրախ Է Սպառնալիքի, Եգիպտոսի
մէջ։
Անցեալ 17 մարտին ղպտի եկեղեցին կորսնցուց իր հոգեւոր առաջնորդը, Շենուտա Գ Պապը։ Ան
իր հոգին աւանդեց 88 տարեկանին, 40 տարուայ ղեկավարութենէ ետք։ Նոր դարաշրջան մը կը սկսի
Ղպտի եկեղեցւոյ համար, ժամանակի մը մէջ, ուր Եգիպտոսի քրիստոնեայ հասարակութիւնը թիրախ
է ծայրայեղ մահմետականներու հարստահարումին։ Նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը սկիզբ
պիտի առնէ մի քանի շաբաթէն, ''Աղեքսանտրիոյ եւ համայն Ափրիկէի Պապը եւ Պատրիարքը
սուրբ Մարկոսի քարոզութեան'' տիտղոսով ։ Ղպտի եկեղեցին` հիմնուած Մարկոս աւետարանիչէն,
աշխարհի ամենահին եկեղեցիներէն մէկն է ունի իր իւրայատուկ ծէսն ու նուիրապետութիւնը ։
Ղպտիները Փարաւոններու սերունդէն են, անոնք կը ներկայացնեն երկրին 10 տոկոսը` շուրջ 8-10
միլիոն։ Նախագահ Մուպարաքի անկումէն ետք, անոնց դէմ հալածանքը կը սաստկանայ եւ անոնցմէ
շատերը արտահան եղած են ու ապաստան գտած՝ մասնաւորապէս ԱՄՆի մէջ։