2012-04-12 12:22:16

13 - 15 Ապրիլ Իտալիոյ Աքուիլէա Քաղաքին Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Իտալիոյ Հիւսիս - արեւելեան եկեղեցիներուն Յատկացուած Համագումար։


<< Սուրբ Հոգւոյն` Հիւսիս - արեւելեան եկեղեցիներուն ուղղած պատգամի ունկնդրութիւնը>>

13 - 15 Ապրիլ Իտալիոյ Աքուիլէա Քաղաքին Մէջ` Իտալիոյ Թրիվէնէթօ շրջանի եպիսկոպոսներու նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ եկեղեցական, Աքուլիլէա Բ անունով, համագումարը յատկացուած իտալիոյ Հիւսիս - արեւելեան եկեղեցիներուն 15 թեմերու հաւատացեալներուն։
Աքուիլէա Բ համագումարը կը յաջորդէ, 22 տարի առաջ, 1990 -ին միշտ Աքուիլէա քաղաքի մէջ գումարուած եկեղեցական Առաջին համագումարին։
Այս համագումարով իտալիոյ Հիւսիս - արեւելեան եկեղեցիները կ՛ուզեն խորհրդածել թէ ինչպէս կարելի է այսօրուայ հասարակա-մշակութային բնակարգէն ներս աւետել Քրիստոսի Պատգամը ։
Աքուիլէա Բ Սիւնհոդոսական բնոյթ ունեցող համագումար մըն է որուն ընդմէջէն Սուրբ Հոգին կը խօսի եկեղեցիներուն եւ անոնց նեցուկ կը կանգնի որպէսզի աճին` հաղորդակցութեան եւ փոխադարձ համագործակցութեան մէջ։
Աքուիլէա Բ համագումարը ունի որպէս կէտնպատակ <<վկայել վերջին 20 տարիներու կեանքի փորձառութիւնը եւ ծրագրել նոր հովուական ձեռնարկներ` միասնաբար համագործակցելով ու նորոգելով Քրիստոսի Պատգամը, Աւետարանի քարոզչութիւնը եւ Հաւատքի դաստիարակութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.