2012-04-11 12:41:42

Քրիստոնեայ Կղերական Մը Ծեծի Կ՛ենթարկուի Թուրքիոյ Մէջ։


Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնները որքա՛ն ալ խօսին կրօնական ազատութիւններու մասին, յայտնի է, որ հասարակութեան շարքերէն ներս միշտ առկայ կը մնայ այլ կրօնքներու նկատմամբ վերապահութիւն։ Պոլսոյ Պահչելիէվլեր թաղամասին մէջ պատահած է դէպք մը, որ այսպէս մտածել կու տայ։

Սեմիր Սերքեք անունով անձ մը, որ 11 տարիէ ի վեր բողոքական կրօնաւորի պարտականութիւն կը կատարէ, գիշերուան ուշ ժամերուն ենթարկուած է յարձակումի անծանօթներու կողմէ, որոնք ծեծած են զինք եւ կուրծքին հարուածներ տուած, ըսելով. «Ասիկա իսլամներու թաղ է, հոս եկեղեցի ի՞նչ գործ ունի», ապա «պիտի սատկիս» ըսելով՝ անոնք հեռացած են :

Միւս կողմէ, Էտիրնէ քաղաքի կուսակալ Կէօքհան Սէօզեր, որ մասնակցած էր Սելիմիէ Մզկիթին համար կազմակերպուած հանդէսին, մերժած է ձեռքը բռնել նոյն առիթով հրաւիրուած Պուլկար Ուղղափառ Եկեղեցւոյ քահանայ Ալեքսանտր Չըքըրըքիի, ու չէ արտօնած որ անոր տեղ տրուի առաջին կարգին վրայ։ Հակառակ այս անախորժ կացութեան, Պուլկար հոգեւորականը խօսած է պատմական ժառանգութիւնները պահպանելու հրամայականին մասին: (Մարմարա)








All the contents on this site are copyrighted ©.