2012-04-11 12:42:59

Ս. Աթոռը Կը Վաւերացնէ Մայրական Ծոցին Մէջ Ապրող Մանուկներու Համար Օրհնութեան Բանաձեւը. ՜՜Նեցուկ Կանգնիլ Երախայ Ունենալիք Ծնողներուն՝՝։


Աստուածային պաշտամունքի քահանայապետական ժողովը, ընդառաջելով՝ Միացեալ նահանգներու եկեղեցւոյ խնդրանքին, վաւերացուցած է ծնանելիք երախաներու օրհնութեան աղօթքը։ Իւսթըն թեմի կարտինալը, իր ուրախութիւնն ու հիացումը յայտնած է ի տես՝ աղօթքի բանաձեւին, նուիրուած՝ մարդկային կեանքի ծնանելիքին։ Աղօթքը պատրաստուած է, նեցուկ կենալու բոլոր այն ծնողներուն, որոնք կը պատրաստուին զաւակ ունենալու։ Այդ օրհնութիւնը կը հրաւիրէ քրիստոնեայ հասարակութիւնը աղօթելու՝ ծնանելիք երախային համար եւ միաժամանակ ճանչնալու՝ մայրութեան պարգեւին արժէքը ու ընկերութեան կողմէ ճանչնալու կեանքի արժէքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.