2012-04-11 12:41:09

Յիսուսի Կրած Վերարկուն Կը Ցուցադրիուի Գերմանիոյ Թրեւ Քաղաքը։


կը սպասուի այցելութիւնը 500 հազար ուխտաւորներու ։
Գողգոթայի ճամբու վրայ Յիսուսի կրած վերարկուն կը ցուցադրուի Գերմանիոյ Թրեւ թեմի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, 13 ապրիլէն մինչեւ 13 մայիս։
Վերարկուի ցուցադրումին բացման օրը՝ 13 Ապրիլին, պիտի կարդացուի Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ուղղած պատգամը, որուն մէջ , Սրբազան Հայրը կը յայտնէ որ ՜՜վերարկուն՝՝ իր հիւսուածքով կը խորհրդանշէ Քրիստոսի հաւատացողներու միութիւնը, այնպէս ինչպէս ան յայտնած էր Աւագ Հինգշաբթի օրուայ աղօթքին ընթացքին։ Այս մասունքը, պէտք է խթանէ քրիստոնեաները, աղօթելու եւ գործելու՝ միութեան համար, որպէսզի աշխարհը հաւատայ որ Քրիստոս միակ փրկիչն է։
Աւանդութեան համաձայն Յիսուսի կրած վերարկուն Թրեւ քաղաքը հասաւ 330 թուականին՝ Կոստանտին կայսեր մօր Հեղինէի կողմէ։ Ան անձամբ գտած էր Քրիստոսի խաչափայտը եւ վերարկուն, եւ միայն 12-րդ դարուն յայտնուեցաւ հանրութեան։ Այս պատուական վերարկուն 800 տարիէ կը գտնուի Թրեւի աթոռանիստ եկեղեցին, պարբերաբար ցուցադրուած է հանրութեան։ Վերջին անգամ ցուցադրուեցաւ 1996-ին։ Վերարկուն մութ կարմիր է ու պահուած՝ փայտէ արկղի մը մէջ, հեռու լոյսէ։
2012-ի ցուցադրութիւնը կը զուգադիպի անոր առաջին ցուցադրումի 5-րդ դարադարձին, այսինքն՝ 1512-ին, Հապսպուրկի Մաքսիմիլիանոս կայսեր Ա.ի Թրեւ քաղաք այցելութեան առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.