2012-04-11 12:40:48

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
Ընտանիքի՝ Ճանապարհ Խաչը


Գոհութիւն Աստուծոյ Խաչի Ճանապարհին համար -
Աւագ շաբաթուայ զանազան ծիսակատարութիւններու ընդմէջէն, հաւանաբար, հաւատացեալներու համար, ''Ճանապարհ Խաչի'' բարեպաշտութիւնը ամենէն աւելի յուզող ծիսակատարութիւնն է։
Զարմանալու չէ։ Յիսուս` Ճանապարհ Խաչով բոլորին մօտ եղաւ։
Ամէն ժամանակի կիներուն ու այրերուն, իրենց նեղութիւններուն ու ցաւերուն ընթացքին, ըլլան անոնք անմեղ թէ մեղաւոր։
Տառապանքը կեանքի էական մէկ մասն է ու երբեմն եղած է տիրապետող մէկ մասը։ Կարենալ նոյնացնել այդ տառապանքը Քրիստոսի չարչարանքին, հաւատացեալին համար անսահման շնորհք է, քանի որ ցաւի խորհուրդը կ'առաջնորդէ մարդը յոյսի ու յարութեան։
Այս տարի, Սրբազան Քահանայապետը տարեց ամոլէ մը խնդրեց որ պատրաստեն Աւագ Ուրբաթ օրուայ ''Ճանապարհ Խաչի'' 14 կայաններու խորհրդածութիւնները։ Գաղափարը եղաւ գեղեցիկ ու սքանչելի, քանի որ անիկա հանդիսացաւ որպէս նախապատրաստութիւն մը Ընտանիքի համաշխարհային հաւաքին որ տեղի պիտի Միլանօ քաղաքին մէջ, յունիսին սկիզբը։
Եկեղեցին` մշտատեւ կ'աշխատի ընտանիքի պաշտպանութեան համար, ժամանակի մը մէջ, ուր մտայնութիւնը ոչ միայն կը սահմանափակէ անոր արժէքը այլեւ ծիծաղելի կը դարձնէ ընտանիքի հաւատարմութիւնը ու կայունութիւնը։ Եկեղեցին ոչ միայն կը պաշտպանէ ընտանիքը այլեւ հոգեւորապէս կ'օգնէ ու կ'ընկերանայ անոր նիւթական, հոգեկան ու դաստիարակչական զանազան տեսակի դժուարութիւններուն ընթացքին։ Եկեղեցին միշտ օգնութեան հասած է, եւ կը շարունակէ օգնութեան հասնիլ անոր որ կ'ուզէ ընտանիք կազմել ու Սիրոյ զօրութեան վրայ կը շարունակէ ընթանալ։
Ասոր համար ալ Ընտանիքի ''Ճանապարհ Խաչը'' կը կատարուի Քրիստոսի հետ դէպի Յարութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.