2012-04-11 11:40:13

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ԳԻՒՏ ԱՐԱՀԵԶԱՑԻ


Գիւտ Կաթողիկոս ( որ Կաթողիկոսական Աթոռի վրայ նստաւ 461-478 թուականները) Տայոց գաւառի Արահեզ գիւղէն էր։ Ան եղած է Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներէն մին եւ մաս կը կազմէ թարգմանչաց երկրորդ խումբին։ Վարդանանց պատերամի հետեւող ժամանակաշրջանն էր եւ տակաւին յայտնի էր պարսկական իշխանութեան ադեցութիւնը Հայաստանի վրայ, մանաւանդ անոնք մեծ ջանք կը թափէին դէպի կրակապաշտութիւն առաջնորդելու իշխաններն ու նախարարական տուները, խոստանալով մեծամեծ պատիւներ։ Դժբախտաբար կարգ մը նախարարներ, շլացած պարսիկներու պատիւիոու հարստութեան խոստումներէն, արդէն սկսած էին կրակատուներ բանալ իրենց իշխանութեան տակ գտնուող քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ, քաջալերելով հայ ժողովուրդը ընդգրկելու ՝՝մազդէականութիւնը՝՝։
Գիւտ Կաթողիկոս մեծ պայքար մղեց այս նորաձեւ կրօնափոխութեան դէմ, ու մեծամեծ ջանքեր թափեց ամենուրեք անարատ պահելու համար քրիստոնէական հաւատքի սուրբ գանձը։ Հակառակ անոր որ իր ընկերակիցներէն շատեր, ինչպէս Եղիշէ, Մովսէս Խորենացի եւ ուրիշներ, ճարահատ այս կացութենէն, քաշուեցան հին անապատները ճգնութեան ու առանձնութեան մէջ անցնելու համար իրենց մնացեալ կեանքը։
ԳիւտԿաթողիկոսի մասին հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ Ղազար Փարպեցի ՙԱյր լի գիտութեամբ հայովս եւ առաւելեալ յունիւն, յորդասաց բանիւ եւ առատաբուխ վարդապետութեամբ, որ ոչ երբեք արգելոյր անգիտութեանն վարդապետութիւն, այլ ծածուկս ասացեալ Հոգուովն`նոյն սուրբ Հոգուովն շնորհ յայտ արարեալ` նովաւ լուսաւորապէս ուսուցանէր բովանդակ ժողովրդոց, որոյ բանք իւր` նման յորդառատ անձրեւի, ամենայն լսողի ծաղկեցուցեալ պտղաբերէր զոգիս։ՙ
Մէկ խօսքով` շատ հմուտ ու զարգացած անձ մըն էր Գիւտ Կաթողիկոս , քաջածանօթ յունարէն լեզուի եւ քրիստոնէական վարդապետութեան, իր խօսքերը կը նմանէին յորդառատ անձրեւին, ինչպէս անձրեւ կ՚իջնէ պարարտ հողին վրայ եւ կը պտղաբերէ երկիրը, այնպէս ալ իր խօսքերը կ՚իջնէին հաւատացեալներու սրտին մէջ ու կը Պտղաբերէին անոնց Հոգիները։
Առանց վախի ան կը յանդիմանէր ուրացող իշխանները եւ կը քաջալերէր ու կը յորդորէր որ ետ դառնային իրենց մոլորութենէն։ Ասոնց մէջ սակայն, կար իշխան մը, Գատիշոյ Խորխոռունի, որ շլացած պարսիկներու խոստումներէն, ճնշում կը բանեցնէր ժողովուրդին վրայ որպէսզի ուրանայ քրիստոնէական հաւատքը, անշուշտ իր գործին չէր գար Կաթողիկոսին այս ընթացքը, ուստի ամբաստանեց զինք որպէս բարեկամ Հոռոմներու, Պարսից Պերոզ Արքային առջեւ։
Պերոզ կանչեց Գիւտը Տիզբոն, սակայն Կաթողիկոսը այնքան ճարտարօրէն կատարեց իր ինքնապաշտպանութիւնը որ թագաւորն իսկ հիացաւ ու մեծ պատիւներով զինք ետ ղրկեց Հայաստան, վերահաստատելով զինք Կաթողիկոսական Աթոռին վրայ։
Գիւտ Կաթողիկոս մասնակցած է շատ մը թարգմանութիւններու, ըլլայ սուրբ գրային ըլլայ հայրաբանականԵ մաս կազմած է նաեւ հայոց ժամագրքի կարգաուորման մէջ կան իրմէ մի քանի նամակներ միայն որոնք մեզի հասած են եւ ուր երեւան կու գայ իր շքեղ լեզուն եւ ազդեցիկ ոճը։
Առաջինը` նամակ մըն է ուղղուած առ Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայ, ուր կը խնդրէ անկէ ներբողական մը գրել Քրիստոսի Սուրբ Խաչի մասին, ընդդէմ Կոստանդին, Պետրոս եւ Թէոդորոս անունվ երեք խաբեբաներու, որոնք կ՚ուզէին ժողովուրդը համոզել թէ Քրիստոսի խաչափայտը որեւէ արժէք չունի եւ թէ պէտք չէ զայն պաշտել։Այդ նամակին առ ի պատասխան Դաւիթ կը գրէ իր զմայլելի ճառը Սուրբ Խաչին։
Ունի նաեւ նամակ մը ուղղուած Աղուաններու Վաչէ թագաւորին, որ դարձի գալով` որոշած էր թողուլ իր թագաւորութիւնը եւ քաշուիլ անապատ միանձնական կեանքի նուիրուելու , օգտաշատ խրատներ կու տայ իրեն այս ուղղութեամբ։
Կան նաեւ հատուածներ իր ինքնապաշտպանութեան նամակէն ուղղուած Պարսից Պերոզ Արքային։ Գիւտ կը շարունակէ մեր Թարգմանիչ Հայրերու սքանչելի շղթան եւ մանաւանդ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի հաստատուն կամքը տեղի չտալու պարսիկներու սադրանքներուն, պահելով անարատ քրիստոնէական հաւատքն ու հայկական մշակոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.