2012-04-10 13:37:01

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Լիբանան Կ'այցելէ 14-16 Սեպտեմբեր Լիբանանի Նախագահի Հրաւէրով։


Ընդառաջելով Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սլէյմանի հրաւէրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Լիբանան կ'այցելէ յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբեր։ Իր առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շրջանի պատրիարքներուն ու եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսական սիւնոդոսի առաքելական յորդորագիրը։ Իր այս այցելութեամբ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անգամ մը եւս կը հաստատէ Ս. Աթոռի եւ Լիբանանի միջեւ պատմական սերտ կապը եւ միաժամանակ կը հաստատէ Լիբանանի դերն ու առաքելութիւնը որպէս վկայ ազատութեան եւ համակեցութեան։ Իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան հայրը տեսակցութիւններ պիտի ունենայ քաղաքացիական ու կրօնական ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.