2012-04-10 13:36:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ՝՝ՈՂՋ ԼԵՐ ԹԱԳՈՒՀԻ՝՝ Մարեմեան Աղօթքի Առթիւ Արտասանած Խօսքը։


Երկուշաբթի 9 Ապրիլին , Յինանց Առաջին Երկուշաբթին (որ լատիներու քով կը համապատասխանէ Հրեշտակի Օրուան) Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կէսօրին ՜՜Ողջ Լեր Թագուհի՝՝ Մարեմեան Աղօթքը արտասանեց, ի ներկայութեան տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու , որոնք լեցուցած էին Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը։

Մարեմեան Աղօթքէն առաջ արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ ՜՜Յետ Զատկուայ Երկուշաբթի Օրը, շատ մը երկիրներու մէջ (ինչպէս Իտալիոյ մէջ) արձակուրդ է, ուստի բարեպատեհ առիթ մը՝ ընտանեօք միասին ըլլալու, պտոյտներ կատարելու բնութեան մէջ, կամ թէ այցելել՝ ազգականները ու բարեկամները։ Սակայն՝ Քրիստոնեան պէտք չէ մոռնայ որ այս արձակուրդին պատճառն է՝ Քրիստոսի Փառաւոր Յարութիւնը ։

Արդարեւ ինչպէս Պօղոս Առաքեալը կը գրէ Կորնթացիներուն ուղղած իր թուղթին մէջ ''Եթէ Քրիստոս Յարութիւն չէ առած ունայն է մեր քարոզութիւնն ու հաւատքը''։ Հետեւաբար հարկ է որ այս օրերուն, ընթերցուի ՜՜չորս Աւետարաններու՝՝ մէջ գրուած՝ Յարութեան դէպքերու մասին։ Քրիստոսի Յարութիւնը բարեփոխեց մարդկութեան պատմութիւնը ու նոր նշանակութիւն տուաւ մեր գոյութեան։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ որ Քրիստոսւի Յարութիւնը ինքնին չէ նկարագրուած Աւետրանաիչներէն։ Անիկա կը մնայ խորհրդաւոր։ Առաքելաներու Գիրքին մէջ կը կարդանք որ կիրակի օրը արշալոյսին կիները գերեզման կ'երթան ու զայն բաց ու թափուր կը գտնեն։ Սպիտակ զգեստով նստած հրեշտակը անոնց կ'աւետէ՝ Քրիստոսի Յարութիւնը։ Անոնք զարհուրած եւ ուրախ շուտով կ'երթան աշակերտներուն Աւետելու Լուրը։

Կիները (ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը) քրիստոնէութեան արշալոյսէն սկսեալ միշտ սերտ կապ ունեցած են Տիրոջ հետ։ Մարիամ` Տիրոջ Մայրը միշտ եղած է Գերագոյն Տիպարը եւ Օրինակը այդ կապին՝ Յիսուսի հետ։ Ասոր համար ալ Ս. Կոյսը կը դառնայ Մայրը Եկեղեցւոյ ու Մայրը Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ Հաւատացեալի։

Անոր կը դիմենք այսօր (ըսաւ Նորին Սրբութիւնը) ՝՝Ողջ Լեր Թագուհի՝՝ Մարեմեան Աղօթքով, որպէսզի ան մեզի համար ընդունի շնորհքը փորձարկելու՝ Յարուցեալ Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ։ Սուրբ Կոյսն է Աղբիւրը՝ մեր յոյսին ու խաղաղութեան։

Մարեմեան Աղօթքէն անմիջապէս ետք Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը լեցնող բազմահազար հաւատացեալները , հրաւիրելով զանոնք որ նման բարեպաշտ կիներու (ըսաւ ան) մենք ալ վկայութիւն տանք մեր քրիստոնէական հաւատքին մեր շրջանակէն ներս։ Աշխարհին հռչակենք որ Յարուցեալ Քրիստոսը ներկայ է ու Ողջ է մեր մէջ։ Ձեզի ամէնուդ կ'ըսեմ ''Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց - Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.