2012-04-10 13:38:17

Միացեալ Արաբական Էմիրաթներու Մէջ, Նոր Եկեղեցւոյ Մը Կառուցումը։


Ասորի օրթոտոքս հնդիկները պիտի ունենան իրենց պաշտամունքի վայրը։
Միացեալ արաբական էմիրաթներու՝ Ալ Այն վայրի ասորի մալակար քրիստոնեաները արտօնութիւն ստացան եկեղեցի մը կառուցելու։ Առաջին քարը պիտի դրուի 20 ապրիլին ու եկեղեցւոյ օծումը նախատեսուած է 15 դեկտեմբերին։ Նոր ժողովրդապետութիւնը պիտի կարենայ ընդունիլ 1500 հոգի։ Նշենք որ ցարդ Ալ Այնի օրթոտոքսները կը վայելէին կաթողիկէներու հիւրընկալութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.