2012-04-10 13:38:33

Անտրէա Պոչելլի Համերգ Պիտի Տայ Երեւանի Մէջ


Աշխարհահռչակ իտալացի թենոր Անտրէա Պոչելլի 22 Ապրիլին Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ համերգ մը պիտի տայ «Երեւանը գրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» ձեռնարկներու ծիրին մէջ։
Այս մասին խօսելով՝ Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան յայտնեց, որ ներկայ հանգրուանին բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, որպէսզի ճշդուի Պոչելլի մեկնաբանելիք երգացանկն ու համերգին առնչուող այլ հարցեր լուծուին։ Անոր համաձայն, համերգը տեղի կ՛ունենայ անհատական օժանդակութեամբ. բայց եւ այնպէս ան չուզեց յիշել հովանաւորին անունը։
Համերգին տոմսերուն գինը, ըստ շրջան ընող լուրերուն, կը տատանին 30-120.000 դրամի միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.