2012-04-10 13:38:48

Այսօր Կ'աւարտի Սուրիոյ Հարցով Քոֆի Աննանի Ճշդած Ժամկէտը.


Թուրքիոյ հիւսիսային կողմի սահմանակից սուրիական Ազազ քաղաքին մէջ տեղակայուած սուրիական բանակի զինուորականներու կողմէ արձակուած փամփուշտներու պատճառով Քիլիսի մէջ տեղակայուած սուրիացի գաղթականներու ճամբարին մէջ երկու զոհեր եւ 21 վիրաւորներներ արձանագրուած են: Վիրաւորներուն շարքին են թուրք ոստիկան մը եւ թարգմանիչ մը:
Անգարայի մէջ Սուրիոյ դեսպանը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է: Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ հանդիպումին ընթացքին Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու սուրիական կողմը զգուշացուցած է սահմանամերձ շրջաններուն մէջ բախումները շարունակելէ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նաճի Քարուն յայտնած, որ նախարարութիւնը Սուրիոյ կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու թրքական սահմանին մօտ կրակոցները: Ան յայտարարեց, որ արդէն ակնյայտ է, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննանի վեց կէտերէ բաղկացած «Սուրիոյ խաղաղութեան ծրագիրը» պիտի չգործադրուի: (Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»ը) ։
Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմութիւնը մերժեց սուրիական կառավարութեան պահանջած զինադադարի հաստատման եւ զէնքերու յանձնման գրաւոր երաշխիք տալը, նշելով որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ այդ պայմաններով կը փորձէ Աննանի ծրագիրը տապալել:
Յիշեցնենք, որ Քոֆի Անան այսօր քանի մը ժամուան համար Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահման պիտի մեկնի, հոն ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն այցելելու համար, իսկ վաղը կը մեկնի Թեհրան, ուր իրանցի պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկէ Սուրիոյ տագնապը:








All the contents on this site are copyrighted ©.