2012-04-08 09:57:17

Սուրիահայութեան Ներկան ու Ապագան Պէտք է Մտահոգեն ե’ւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ե’ւ Սփիւռքը


Սուրիոյ իրադարձութիւնները, որոնք միջազգային լրատուամիջոցներով կը լուսաբանուին խիստ միակողմանի (ի վնաս գործող իշխանութիւններու ու նախագահ Պաշշար ալ Ասատի), պէտք է մտահոգեն Հայաստանն ու Սփիւռքը՝ երեք հիմնական պատճառներով:
Առաջինը մարդկային կորուստներն են: Սուրիոյ մէջ կը սպաննուին ու կը վիրաւորուին մարդիկ, որոնց շարքին` հայեր: Ի տարբերութիւն Թունուսի, Եգիպտոսի, Եմէնի ու Լիպիոյ, ուր «Արաբական գարուն»ը տապալած է այդ երկիրներու նախկին առաջնորդները, Սուրիոյ մէջ ներքաղաքական պատերազմը երկարաձգուելու ակնյայտ միտումներ ունի: Միջազգային հանրութիւնը, փոխանակ ճնշումներ բանեցնէ նախագահ Ասատի վրայ, որպէսզի վերջինս երկրի մէջ լուրջ քաղաքական բարեփոխումներ կատարէ (այս պահուն նախագահ Ասատը պատրաստ է գնալ լրջագոյն զիջումներու), կը պահանջէ Սուրիոյ առաջնորդի հրաժարականը: Բնականաբար, նախագահ Ասատը հրաժարական չի տար:
Դժուար է կանխատեսել, թէ ինչպիսի հանգուցալուծում կ'ունենան սուրիական իրադարձութիւնները: Հաւանական է, որ արիւնահեղութիւնը շարունակուի, ինչպէս կը շարունակուի մէկ տարիէ ի վեր: Թուրքիայի տարածքին հաստատուած սուրիական ընդդիմութիւնը կը քաջալերէ, որ զինեալ ապստամբները պայքար մղեն նախագահ Ասատի կառավարական ուժերուն դէմ: Բախումներու ընթացքին արիւն կը թափի, կը սպանուին նաեւ հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ:
Տուժածներու մէջ կան նաեւ հայեր: Սուրիահայութիւնը, որ գլխաւորաբար կեդրոնացած է Հալէպի, Գամիշլիի, Լաթաքիոյ, Քեսապի ու Դամասկոսի շրջաններուն մէջ, կը փորձէ չէզոքութիւն պահպանել: Նման կեցուածք, անկասկած, արդարացուած է: Աւելին` անիկա է չարեաց փոքրագոյնը: Սակայն չէզոքութիւն պահպանելը դեռ բաւարար պայման չէ, որպէսզի սուրիահայութիւնը խուսափի զոհերէ ու վիրաւորներէ:
Շուրջ 80 հազարի հասնող սուրիահայութեան ներկայ կացութիւնն ու ապագան պէտք է մտահոգեն ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը, այնպէս ալ՝ Սփիւռքը: Բարեբախտաբար, հայաշատ շրջանները չեն դարձած կառավարութիւն-ընդդիմութիւն զինուած պայքարի հիմնական վայրերը, թէեւ իրավիճակը մայրաքաղաք Դամասկոսն ու մեծութեամբ երկրորդ քաղաք Հալէպը, յատկապէս` վերջին շաբաթներուն, հեռու են խաղաղ ու հանգիստ ըլլալէն :
Երկրորդ` Սուրիոյ մէջ ներքաղաքական պատերազմի ու արիւնահեղութեան շարունակականութիւնը կը ստիպեն սուրիահայութիւնը, որ աւելի ապահով վայրեր գտնէ: Մարդկայնօրէն հասկանալի է, որ սուրիահայութիւնը պէտք է մտահոգուի իր ֆիզիքական անվտանգութեան խնդիրներով: Ի տարբերութիւն Սփիւռքի այլ հայաշատ վայրերու` Սուրիան ու Լիբանանը առանցքային դերակատարութիւն ունին ամբողջ հայկական աշխարհի համար: Հալէպն ու Պէյրութը տասնամեակներ եղած են եւ կը շարունակեն մնալ շտեմարան` հայ աշխարհին տալով բազմաթիւ հոգեւորականներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ ու ազգապահպանութեան համար կարեւոր այլ դերակատարներ:
Երրորդը Հայաստանի Հանրապետութեան շահն է: Ակնյայտ է, որ Արեւմուտքի համար արաբական աշխարհի ժողովրդավարացումը պատրուակ է: Եթէ Արեւմուտքը մտահոգուած է մարդու իրաւունքներու եւ միւս հիմնարար ազատութիւնները յարգելով, ապա նախ պէտք է տապալուէին Սէուտեան Արաբիոյ, Քաթարի ու Պահրէյնի բռնապետական վարչակարգերը: Հակառակը` անոնք կը վայելեն Արեւմուտքի աջակցութիւնը` ընդդէմ շիաներու: Գրեթէ կասկած չկայ, որ Արեւմուտքը կը փորձէ արաբական աշխարհի եւ իսլամական արեւելքի մէջ սահմանափակել շիաներու իշխանութիւնը: Սուրիոյ մէջ «յաջողութեան» հասնելու պարագային հերթը հաւանաբար կը հասնի «Հըզպոլլահ»ին Լիբանանի մէջ եւ Իրանին:
«Հըզպոլլահ»ը այսօր լուրջ ուժ է Լիբանանի մէջ: Անոր դէմ պատերազմը կը նշանակէ հերթական անհանգստութիւն պատճառել լիբանանահայութեան: Լիբանանի մէջ նոր պատերազմի պարագային այդ երկրի վերջին յիսուն հազար հայերու մէկ մասը (եթէ ոչ զգալի մասը) եւս կ'արտագաղթէ:
Իսկ ամենամտահոգիչը Իրանի դէպքն է: Իսլամական Հանրապետութեան դէմ պատերազմը կամ ռազմական հարուածները Հայաստանը կը կանգնեցնեն անելանելի ընտրութեան առջեւ: Այնպէս որ` Պաշշար Ասատի յաջողութիւնը, կը նշանակէ թէ` սուրիական ճգնաժամի խաղաղ հանգուցալուծումը անուղղակիօրէն կը բխի նաեւ Հայաստանի եւ հայ աշխարհի շահերէն:
«Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ-վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան կը գրէ.








All the contents on this site are copyrighted ©.