2012-04-08 10:15:46

Ոչ Եւս Է Ասորիներու Երբեմնի Պատրաիրք եւ Արեւելեան Ժողովի Երբեմնի Կառավարիչ Կարտինալ Իքնատիոս Մուսսա Տաուտ Ա.։


Շաբաթ 7 ապրիլի առաւօտեան ժամը 8ին Սուրիացի Կարտինալ Իքնատիոս Մուսսա Տաուտը, 81 տարեկանին` Հռոմի մէջ կնգեց իր մահկանացուն։
Կարտինալ Տաուտ ծնած էր 1930-ին Սուրիոյ Մէսքանէ գիւղին մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 1954-ի։1977-ին Եգիպտոսի եպիսկոպոս ընտրուած էր եւ 1994-ին դարձած Սուրիոյ Հոմս քաղաքի Արքեպիսկոպոս։ 1998-ի Հոկտեմբերին Ասորի եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսը զինք կ՛ընտրէ Ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք։ 2001-ին կը ստանայ Կարտինալական Աստիճան եւ կը հրաժարի Պատրիարքական Աթոռէն։ 2000-էն մինչեւ 2007 Ան եղաւ Արեւելեան Սուրբ Ժողովի Կառավարիչ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ երեքշաթի 10 ապրիլի յետ միջօրէի ժամը 17ին Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ։

Ի լուր Կարտինալ Տաուտի մահուան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահայապետը ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց Ասորի եկեղեցւոյ ներկայ Պատրիարք` Գերերջանիկ Իքնատիոս Եուսիֆ Եունանին որուն մէջ յայտնեց իր աղօթքի միութիւնը եւ մօտիկութիւնը։ Այս օրերուս ուր կ՛ապրինք Տիրոջ Յարութեան յիշատակը - գրեց Սրբազան Հայրը -, յիշելով նաեւ շրջանի ժողովուրդի ապրած դժուար կացութիւնը` Աստուծմէ կը խնդրեմ որ իր արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ Հովիւի հոգին որ հաւատքով ու վեհանձնութեամբ ծառայեց Աստուծոյ ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.